Համընդհանուր ունկնդրութիւն Համընդհանուր ունկնդրութիւն 

5 դեկտեմբերի Հրապարակային ընդհանրական ունկնդրութիւն՝ «Տէ՛ր, աղօթե՛լ սորվեցուր մեզի»։

«Երբ տեղ մը կ՚աղօթէր, դադրելէն ետք իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, աղօթե՛լ սորվեցուր մեզի, ինչպէս Յովհաննէս սորվեցուց իր աշակերտներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 դեկտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի ներկայութեան բազմահազար հաւատացեալներու,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ ընդհանրական ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած այն հատուածին վրայ ուր աշակերտները Յիսուսէն կը խնդրեն որ իրենց աղօթել սորվեցնէ։

«Երբ տեղ մը կ՚աղօթէր, դադրելէն ետք իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, աղօթե՛լ սորվեցուր մեզի, ինչպէս Յովհաննէս սորվեցուց իր աշակերտներուն» (Ղուկաս 11, 1):

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր կը սկսինք Հայր Մեր աղօթքի մասին խորհրդածութիւններու որ շարք մը»  ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու հաստատելով թէ Աւետարանները մեզի ներկայացուցին Յիսուսը որպէս աղօթքի մարդ, որ յաճախ կարիքը կը զգար մէկդի քաշուելու ու մինակութեան մէջ աղօթելու հակառակ իր առաքելութեան հրատապութեան։

Մարկոսի Աւետարանը առաջին էջերուն մէջ նոյնիսկ կը ներկայացնէ այդ համապատկերը։ Յիսուս Կաֆարնաումի մէջ իր օրը աւարտած էր մեծ յաղթանակով։ Յիսուս հրաշքներ գործած էր ու բազմաթիւ հիւանդներ բուժած ու ամբոխը միշտ աւելիով կ՛ուզէր մնալ Յիսուսին շուրջ, սակայն Ան կը խուսափի այդ բոլորէն ու կը քաշուի ամայի վայր մը եւ միայն ուշ գիշերին է որ Պետրոս զայն կը գտնէ ամփոփուած աղօթքի մէջ։ Եւ երբ Պետրոս Յիսուսին կ՛ըսէ. «բոլորը քեզ կը փնտռեն», Յիսուս կը պատասխանէ. «երթանք ուրիշ տեղեր, մերձակայ գիւղերը, որպէսզի հոն ալ քարոզեմ, որովհետեւ ասոր համար եկած եմ»։

«Ամէն ինչ կը պատահի աղօթքի գիշերէ մը ետք» դիտել տուաւ Քահանայապետը։ Սուրբ Գիրքին մի քանի հատուածներու մէջ կը թուի թէ Յիսուսին աղօթքը, Անոր Հօր հետ մտերմութիւնը, կը կառավարէ ամէն ինչ։ Այս մէկը ի յայտ կու գայ յատկապէս գեթսէմանիի պարտէզին մէջ. Յիսուսին ուղեւորութեան վերջին հանգրուանի ընթացքին, երբ Ան՝ այդ անձկութեան ու ցաւի պահերուն կը դիմէ Հօր, ու այդ աղօթքով է որ կը դիմագրաւէ խաչին ճանապարհը։

Յիսուս կ՛աղօթէր, ըլլայ հանրային անցուդարձներու ժամանակ, ըլլայ երբ կը փնտռէր վայրեր, ուր կարելի էր ներթափանցել հոգիին խորքը։ Յիսուսին աղօթքը կը նմանի աշխարհի որեւէ մարդու մը աղօթքին, Անոր աղօթելու ձեւը  սակայն  խորհուրդի մէջ պարուրուած է, իրականութիւն մը որ չի խուսափեցաւ աշակերտներու հայեացքէն եւ ասոր համար Անոր դիմեցին խնդրելով, աղերսելով «Տէր մեզի աղօթել սորվեցուր» եւ Տէրը չի մերժեց անոնց խնդրանքը որովհետեւ ան եկած է մեզ առաջնորդելու Հօր հետ յարաբերութեան. «Ան իր աշակերտներուն համար դարձաւ աղօթքի վարդապետ, այնպէս ինչպէս պիտի ուզէր այսօր եւս այդ մէկը ընել մեզի համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ նոյնիսկ եթէ տարիներէ իր վեր կ՛աղօթենք միշտ ալ կարիքը ունինք սորվելու։

Մարդուն աղօթքը, այդ աղերսը որ ծնունդ կ՛առնէ մարդու հոգիէն, տիեզերքի ամենէ խոր խորհուրդներէն մին կը թուի։ Մենք չենք գիտեր եթէ աղօթքները զոր կ՛արտասանենք՝ Աստուծոյ սպասած աղօթքներ են։ Սուրբ Գիրգին մէջ կան փաստեր անյարմար աղօթքներու որոնք Աստուծմէ  մերժուեցան ինչպէս է պարագան փարիսեցիին եւ մաքսաւորին, ուր միայն այս վերջինիս աղօթքները լսելի եղան, որովհետեւ հեզութեամբ կատարուած էին։

Ասոր համար Յիսուսին մեզի սորվեցուցած աղօթքին մասին մեր այս խորհրդածութեան սկիզբը, մեր ամենագեղեցիկ ու շիտակ արաքը պիտի ըլլայ, աշակերտներուն հետ միասին Տիրոջ դիմել ըսելով «Տէր մեզի աղօթել սորվեցուր»։ «Ան վստահաբար թոյլ պիտի չի տայ որ մեր այդ աղերսը մնայ անպատասխան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները հուսկ յատուկ ողջունի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն յիշեցնելով որ յառաջիկայ Շաբաթ օր կը տօնախմբուի Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամին տօնը։ Տիրամօր յանձնուինք. Ան որպէս հաւատքի եւ հնազանդութեան տիպար, թող օգնէ մեզի որպէսզի մեր սրտերը պատրաստենք Մանուկ Յիսուսը ընկալելու՝ անոր ծննդեան օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2018, 09:54