Որոնել

Միացեալ Նահանգներու երբեմնի նախագահ Ճորճ Ու Պուշ Միացեալ Նահանգներու երբեմնի նախագահ Ճորճ Ու Պուշ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրը Միացեալ Նահանգներու ՃորՃ Պուշի

Ֆրանչիկսոս Պապ իմանալով Միացեալ Նահանգներու երբեմնի նախագահ՝ Ճորճ Ու Պուշի մահուան տխուր լուրը, իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ու աղօթքը կ՝ապապովէ բոլոր Պուշ ընտանիքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Միացեալ Նահանգներու 41-րդ նախագահ՝ Ճորճ Ու Պուշի մահուան առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին , Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր մը յղած է  Կալվեսթոն, Հուսթոն թեմի Արքեպիսկոպոս ՝Կարդինալ Տանիել Տի Նարտոյին: Հեռագիրին մէջ նշուած է.
Ֆրանչիկսոս Պապ իմանալով Միացեալ Նահանգներու երբեմնի նախագահ՝ Ճորճ Ու Պուշի մահուան տխուր լուրը, իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ու աղօթքը կ՝ապապովէ բոլոր Պուշ ընտանիքին:
Նորին Սրբութիւնը , յանձնելով նախագահին հոգին Ամենակալ Աստուծոյ ողորմած սիրոյն, Աստուածային խաղաղութեան եւ զօրութեան օրհնութիւնները կը հայցէ նախագահին կորուստը ողբացողներուն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2018, 13:46