Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճամբորդութեան նշանաբանը Ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճամբորդութեան նշանաբանը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարելիք ճամբորդութեան յայտագիրը:

3-էն 5 փետրուար 2019ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Արաբական միացեալ էմիրութիւններ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին, 3-էն 5 փետրուար 2019ին, դէպի Արաբական էմիրութիւններ կատարելիք ճամբորդութեան յայտագիրը:

Կիրակի 3 փետրուարին, Հռոմի ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն ժամը մէկին մեկնող թռիչքով Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Ապու Տապի, ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 10,00ին:

Երկուշաբթի, 4 դեկտեմբերին, կէսօրին, Ապու Տապիի նախագահական պալատին գլխաւոր մուտքին դիմաց, նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք, նախագահական պալատին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՝ունենայ Արաբական միացեալ էմիրութիւններուն նախագահին հետ:

Յետմիջօրէին, ժամը 5,00ին, «Շէյխ Սայետ»ի աւագ մզկիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ  Իսլամ երեցներու խորհուրդի  անդամներուն հետ ապա երեկոյեան ժամը 6,00-ին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Founder’s Memorial յուշահամալիրին մէջ կայանալիք միջ-կրօնային հանդիպումին, ուր նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետին մէկ պատգամը :

Երեքշաբթի, 5 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9,15-ին, ֆրանչիսկոս Պապ առանձական այցելութիւն կը կատարէ Ապու Տապիի մայր տաճար, որմէ ետք 10,30ին, Ապու Տապիի Զայետ անուան մարզադաշտին մէջ նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան եւ կը ներակայացնէ օրուան պատշաճ քարոզը:

Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական միացեալ էմիրութիւններու առաքելական ճամբորդութիւնը հուսկ Ապա Տապիի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը վերադարձ կը կատարէ Հռոմ, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը 5,00ին:

Յայտնենք թէ առաջին անգամն է որ քահանայապետ մը կ՝այցելէ Արաբական միացեալ Էմիրութիւններ:

Արաբական միացեալ էմիրութիւններու մէջ Պապական Նուիրակ Ֆրանչիսկոս Պապի Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու ճամբորդութիւնը նկատած է պատմական :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2018, 13:31