Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2018-ի Ծննդեան պատգամը «Աշխարհի մէջ ապրինք որպէս եղբայրներ»։

«Ի՞նչ կ՛ըսէ մեզի այդ Մանուկը։ Մանուկը կ՛ըսէ թէ Աստուած բարի Հայր է ու մենք բոլորս եղբայրներ ենք»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, Երեքշաբթի ՝ 25 դեկտեմբեր 2018-ի, կէսօրին, աւանդութեան համաձայն, Ֆանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին ուղղեց Սուրբ Ծննդեան իր պատգամը որուն աւարտին շնորհեց «Ուրպի էթ Օրպի» այսինքն Հռոմ քաղաքի ու Համայն աշխարհին ուղղուած առաքելական օրհնութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով Հռոմ ժամանած ուխտաւորներն ու աշխարհի բոլոր հաւատացեալները նորոգեց Բեթղեհէմի Աւետիսը «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ Երկիր խաղաղութիւն, ի մարդկանց հաճութիւն» (Ղուկաս, 2,14)

«Հովիւներուն նման, որոնք եղան առաջինները որ Յիսուսին մօտ փութացին մենք եւս զարմացած կը մնանք Աստուծոյ մեզի տուած նշանին դիմաց. «Մանուկ մը փաթթուած խանձարուրներով ու դրուած մսուրին մէջ» (Ղուկաս Բ,12)։ Լռութեամբ ծունկի գանք եւ պաշտենք զինք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հարց տալով «Ի՞նչ կ՛ըսէ մեզի այդ Մանուկը։ Ո՞րն է Ծննդեան տիեզերական պատգամը» ու հարցումին պատասխանեց ըսելով «Մանուկը կ՛ըսէ թէ Աստուած բարի Հայր է ու մենք բոլորս եղբայրներ ենք»։

Առանց եղբայրութեան մեր բոլոր ջանքերը կարող են դառնալ ապարդիւն։

«Այս ճշմարտութիւնը հիմքն է մարդկութեան հայող քրիստոնէական տեսութեան։  Առանց եղբայրութեան մեր բոլոր ջանքերը կարող են դառնալ ապարդիւն։ Ասոր համար իմ Ծննդեան մաղթանքս եղբայրութեան մաղթանք է» ըսաւ Քահանայապետը շեշտելով եղբայրութեան կարեւորութիւնը  ազգերու ու մշակոյթներու միջեւ, տարբեր գաղափարներով մարդոց միջեւ, որոնք կարող են յարգանք ու ունկնդրութիւն ցուցաբերել ուրիշին. Եղբայրութիւնը ընդմէջ կրօններու»։

«Յիսուս արդարեւ եկաւ Աստուծոյ  դիմագիծը բացայայտելու բոլոր անոնց որոնք զԱյն կը փնտռեն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Աստուծոյ Որդին մեզի ցոյց կու տայ թէ փրկութեան ուղին կ՛անցի սիրոյ, ընկալութեան ու այս աղքատ մարդկութեան յարգանքի ընդմէջէն։ Բոլորս արդարեւ եղբայրներ ենք մարդկութեան մէջ։ Ասոր համար մեր տարբերութիւնները վտանգ մը չեն այլ հարստութիւն։ Ինչպէս գծագրութեան մը մէջ՝ գոյներու զանազանութիւնը։ Եւ այնպէս ինչպէս ընտանիքի մը մէջ կապերը կը մնան անսասան եւ անլուծանելի, նոյնը վաւեր է մարդկային ընտանիքին մէջ,  ուր «ծնողքը» Աստուած է, որ է նաեւ մեր եղբայրութեան ուժն ու հիմքը» յարեց Սրբազան Պապը ու բարեմաղթութիւններու շարքը սկսելով մաղթեց որ «այս Ծնունդը մեզի վերագտնել տայ եղբայրութեան կապերը, որոնք մեզ կը միացնեն որպէս մարդ էակներ ու իրար կը միացնեն ազգերը»։

 Երկխօսութեան մաղթանք Իսրայէլացիներուն ու Պաղեստինցիներուն միջեւ 

Թող որ եղբայրութիւնը առիթ ընծայէ իսրայէլացիներուն ու պաղեստինցիներուն վերսկսելու երկխօսութիւնը ու վերագտնելու խաղաղութեան ուղի մը որ վերջ դնէ 70 տարիներէ ի վեր այդ հողամասը յօշոտող հակամարտութեան։

Սուրիոյ Պատերազմը

Թող որ Մանուկ Յիսուսը մարտիրոս Սուրիոյ թոյլ տայ, երկար տարիներու պատերազմէ ետք վերագտնելու եղբայրութիւնը։ Միջազգային հասարակութիւնը թող վճռակամ գործէ ի նպաստ քաղաքական լուծումի մը, որ մէկդի դնէ բաժանումներն ու սեփական շահերը, որպէսզի Սուրիացի ժողովուրդը, ու մասնաւորապէս անոնք որոնք ստիպուեցան հեռանալ իրենց հողերէն, դարձեալ կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ իրենց հայրենիքին մէջ։

Եմենը

Կը մտաբերեմ Եմենը, այն յոյսով որ միջազգային ընտանիքի միջնորդութեամբ զինադադարը կարողանայ սփոփանք պարգեւել բազմաթիւ մանուկներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք սպառած են պատերազմէն ու սովէն։

Ափրիկեան ցամաքամասը

Կը մտաբերեմ Ափրիկէն ուր միլիոնաւոր մարդիկ տեղահանուած են ու կարիքը ունին մարդասիրական օժանդակութիւններու։ Աստուածային Մանուկը՝ Խաղաղութեան Արքան թող լռեցնէ զէնքերը ու եղբայրութեան նոր արշալոյս մը պարգեւէ բոլոր ցամաքամասին, օրհնելով ջանքերն անոնց որոնք կը գործեն հաշտութեան ուղղութեամբ։

 Քորէական Թերակղզին

Ծնունդը թող ամրացնէ եղբայրութեան կապերը որոնք կը միացնեն Քորէական Թերակղզին ու թող թոյլ տայ որ սկիզբ առած  մօտիկութեան ուղեւորութիւնը շարունակուի, յանգելու համար բաժնեկցուած լուծումներու որոնք  բոլորին ապահովեն զարգացում եւ բարօրութիւն։

Վենեզուելլան 

Թոպ որ այս օրհնաբեր ժամանակաշրջանը Վենեզուելլային եւս թոյլ տայ՝ վերագտնելու համերաշխութիւնը ու բոլոր ընկերութեան խաւերը եղբայրաբար աշխատին երկրին զարգացուին ի նպաստ ու օգնութեան հասնին բնակչութեան ամենատկար խաւերուն։

Ուկրանիա

Ծնեալ Տէրը՝ սփոփէ սիրեցեալ Ուկրանիան, որ մտահոգ է ու կը սպասէ վերագտնելու երկարատեւ խաղաղութիւնը։ Միայն խաղաղութեամբ, որ կը յարգէ ամէն մէկ ազգի իրաւունքը, Երկիրը կարող է դարման գտնել տառապանքին ու ստեղծել քաղաքացիներուն արժանավայել կեանքի պայմաններ։  Մօտիկ եմ այդ շրջանի քրիստոնեայ հասարակութեան,  ու կ՛աղօթեմ որ կարելի ըլլայ մշակել եղբայրութեան ու բարեկամութեան կապեր։

Նիքարակուա

Յիսուս Մանուկին դիմաց թող որ Նիքարակուայի բնակիչները իրար զիրար ճանչնան որպէս եղբայրներ, որպէսզի բաժանումներն ու անհասկացողութիւնները չի գերիշխեն ու բոլորը աշխատին հաշտութիւնը խթանելու համար ու միասին կառուցելու Երկրին ապագան։

Գաղութատիրութիւններու թիրախները

Կ՛ուզեմ յիշել այն ժողովուրդները որոնք թիրախ են գաղափարական, մշակութային ու տնտեսական գաղութատիրութիւններու, ու ականատես են իրենց ազատութեան ու ինքնութեան ոտնահարումին, ու կը տառապին սովէն եւ դաստիարակչական ու առողջապահական համակարգերու պակասէն։

Հալածուած Քրիստոնեաները

Յատուկէն կը մտաբերեմ մեր այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնք Ծնունդը կ՛ապրին դժուար իրավիճակներու մէջ, չըսելու համար ճնշումի տակ, յատկապէս այնտեղ ուր քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են ու յաճախ դիւրաբեկ ու անտեսուած են։ Տէրը անոնց ու բոլոր փոքրամաս հասարակութիւններուն պարգեւէ շնորհքը ապրելու խաղաղութեամբ ու ականատես ըլլալու իրենց իրաւունքներու ճանաչումին, յատկապէս կրօնի ազատութեան իրաւունքը։

Միասին ապրիլ որպէս եղբայրներ

Թող որ մսուրին Մանուկը որուն մասին կը խոկանք այսօր, պաշտպանէ բոլոր աշխարհի մանուկները ու ամէն մէկ դիւրաբեկ, անպաշտպան եւ անտեսուած անձ։ Թող որ Փրկիչի ծնունդէն  բոլորս  ընդունիք խաղաղութիւնն ու մխիթարութիւնը ու մենք մեզ զգալով սիրուած Միակ Երկնային Հօրմէն իրար վերագտնենք ու միասին ապրինք որպէս եղբայրներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/12/2018, 12:18