Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սլովաքիոյ նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սլովաքիոյ նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սլովաքիոյ հանրապետութեան նախագահը՝ Տիար Անտրեժ Քիսքա:

Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 14 դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Վատիկանի Առաքելական Պալատի իր գրասենեակին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց Սլովաքիոյ հանրապետութեան նախագահ, Տիար Անտրեժ Քիսքան ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները:

Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար՝ գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերին:

Սուրբ Աթոռի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Սուրբ Աթոռի եւ Սլովաքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները, եկեղեցւոյ՝ Սլովաքիոյ ընկերութեան սատարած նպաստը՝ յատուկէն դաստիարակչական մարզէն ներս:

Քննարկումի նիւթ եղած նաեւ է երկուստեք հետաքրքրող հարցեր, որոնց շարքին կլիմայի փոփոխութեան եւ գաղթականներուն հիւրընկալութեան հայող հարցեր՝ վերջերս տեղի ունեցած միջազգային հանդիպումներու լոյսին ներքեւ:

Միջազգային գետնի վրայ շօշափուած են խաղաղութեան, ապահովութեան եւ Եւրպայի մէջ համագործակցութեան հայող նիւթեր, ի տես 2019 տարւոյն ԵԱՀԿ-ի Սլովաքիոյ նախագահութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2018, 14:14