Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը  Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցին: Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցին: 

Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրները Հռոմի երկու հիւանդանոցներու:

Նուէրի յանձնումի եւ օրհնութեան արարողութիւնը, Fatebenefratelli հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցաւ 18 նոյեմբերին,ներկայութեամբ Նորին Սրբութեան ողորմնաբաշխ ՝կարդինալ Քոնրատ Քրաժեվսքիի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Հռոմի երկու հիւանդանոցներուն նուիրեց կանխահաս նորածին մանուկներուն աճումին օգնող՝ «արուեստական տաքութեան» գործիքներ, մին՝ «Bambin Gesù - Մանուկ Յիսուս» անուամբ հիւանդանոցին իսկ երկրորդը «Fatebenefratelli» հիւանդանոցին:

ֆրանչիսկոս Պապ յիշեալ գործիքները նուէր ստացած էր «Պայեր» դեղագործութեան ընկերութեան կողմէ՝ անցեալ 21 նոյեմբերին:

Նուէրի յանձնումի եւ օրհնութեան արարողութիւնը, Fatebenefratelli հիւանդանոցին մէջ տէղի ունեցաւ 18 նոյեմբերին,ներկայութեամբ Նորին Սրբութեան ողորմնաբաշխ ՝կարդինալ Քոնրատ Քրաժեվսքիի եւ Պայեր ընկերութեան ներկայացուցիչին:

Յայտնենք թէ Fate Bene Fratelli հիւանդանոցին մէջ ամէն տարի գրեթէ 600 նորածին մանուկներ կարիք ունին իրենց աճումին օգնող արուեստական գործիքներուն:

Իսկ Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցին յատկացուած ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը պիտի փոխանցուի Եթովպիայի մէկ հիւանդանոցին, Ափրիկէի մէջ կանխահաս նորածին մանուկներուն մահը հակազդելու յատուկ ծրագիրի մը ծիրէն ներս:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2018, 09:43