Որոնել

Վատիկանի Պետական Պալատը Վատիկանի Պետական Պալատը 

Ֆրանչիսկոս Պապ որդեգրեց Վատիկան քաղաքի պետութեան հայող նոր օրէնք մը:

Օրէնքը ուժի մէջ պիտի մտնէ յառաջիկայ 7 յունիս 2019-ին:

Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ինքնագիրով մը որդեգրեց ,Վատիկան Քաղաքի պետութեան հայող նոր օրէնք մը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ յառաջիկայ 7 յունիս 2019-ին:

25 նոյեմբեր 2018 թուակիր, ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ որդեգրուած նոր օրէնքով պիտի վերակազմակերպուի Վատիկան քաղաքի պետութեան տնտեսական համակարգը , ուր սահմանուած են կարգ մը նոր կանոներ, հայող Վատիկանի քաղաքի պետութեան կառավարման։

Բացատրելով նոր օրէնքին իմաստը, որ կը փոխարինէ 2000 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապին կողմէ որդեգրուած օրէնքը ֆրանչիսկոս Պապ կը յայտնէ թէ, Սուրբ Պետրոսի յաջորդը ընտրուելէ անմիջապէս ետս կարիք զգացած է վերատեսելու եւ վերակազմակերպելու Վատիկանի Քաղաքի պետութիւնը, աւելի արդիւնաբեր դարձնելու համար, Վատիկան քաղաքի Պետութեան՝ Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նոր օրէնքի օրէնսդրական սկզբունքներուն ու համաչափերուն, կը յայտնէ թէ անոնք կը հային վատիկան քաղաքի պետութեան տնտեսութեան վերակազմակերպման, պարզումին, գործածելիութեան- թափանցիկութեան, օրէնսդրական կարգագրման ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ճկունութեան:

Յիշեալ օրէնքի մէջ նախատեսուած են Վատիկանի կարգ մը գործունէութիւններուն անձնակազմի թիւի կրճատումը ինչպէս նաեւ վերահսկողութեան ու տեսչութեան բաժանմունքի մը ստեղծումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2018, 08:51