Որոնել

Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրը Փանամայի մէջ Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրը Փանամայի մէջ 

Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ 2019-ի Յունուարին կը մեկնի Փանամա։

Յառաջիկայ 23-28 Յունուար 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Փանամա

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ  23-28 Յունուար 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Փանամա այնտեղ իր մասնակցութիւնը բերելու Երիտասարդներու միջազգային 34-րդ հաւաքին։ Սրբազան Հայրը Հռոմէն կը մեկնի  23 յունուարի առաւօտեան 9.35-ին եւ Փանամա կը ժամանէ տեղական ժամանակով 16.30-ին։

Փանամայի ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ  Սրբազան Քահանայապետին Իտալիայի սահմաններէն դուրս կատարուած միջազգային 26 առաքելական ճամբորդութիւնը, որուն ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը բացի երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումներէն,  պաշտօնական հանդիպումներ կ՛ունենայ նաեւ Երկրին Պետական իշխանութիւններուն հետ ու այցելութիւններ կը կատարէ բարեգործական հաստատութիւններու։ Ան յատուկ հանդիպում կ՛ ունենայ նաեւ Կեդրոնական Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն հետ ու Փանամայի կղերական դասին հետ։

Նշենք թէ Փանամային բնակչութեան (4.098 միլիոն) 88.6 առ հարիւրը կաթողիկէ են ու կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է 8 թեմերէ ուր կը գործեն 196 ժողովրդապետութիւններ եւ այլ 164 հովուական խնամակալութեամբ զբաղող կեդրոններ։

Կղերական Դասի կազմը։

Փանամայի կաթողիկէ եկեղեցին ունի 15 եպիսկոպոսներ, 234 կուսակրօն քահանաներ, 186 կրօնաւոր քահանաներ, 81 սարկաւագներ, 49 կրօնաւորներ եւ 450 կրօնաւորուհիներ, ինչպէս նաեւ հովուական խնամակալութեան գործունէութեամբ զբաղող աւելի քան  4.200 աշխարհական միսիոնարներ եւ 1960 կրօնուսոյցներ։

Յայտնենք թէ Փանամայի Երիտասարդաց հաւաքը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած երիտասարդներու երրորդ միջազգային հաւաքը, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ 2013-ի Յուլիսին ու Քրաքովիայի մէջ 2016-ի Յուլիսին կայացած հաւաքներէն ետք։

2019 Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան բնաբանն է «Ահաւասի՛կ Տիրոջ աղախինն եմ ես, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղուկ. 1:38): Պատասխանը զոր Սուրբ Կոյս Մարիամը տուաւ Հրեշտակին երբ ան աւետեց թէ պիտի ծնի որդի մը ու անոր անունը Յիսուս պիտի կոչուի։ 

Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու կեանքի կաճարի կառավարիչ Կարդինալ Քեվին Ֆարրել, խօսելով՝ ԵՀՕ  հաւաքը Փանամայի մէջ տօնախմբելու ընտրութեան մասին հաստատած է թէ 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող այդ երկիրէն է որ ծնունդ առած է ցամաքամասի աւետարանացումը ու ճիշդ այդ վայրէն է որ ան կարող է վերանորոգուիլ ու նոր թափով ընթանալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2018, 08:28