Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մոլֆեթթա թեմի հաւատացեալները:

Յիսուսի գալստեան յիսնակաց շրջանը կը փարատէ մարդու ամէն վախերը: Ան որ աշխարհի մէջ վախի մէջ է տէրը իր խօսքով կը վերականգնէ եւ այս կատարէ աւետարանի՝ վախի հակառակ երկու խօսքերով, կանգնեցէք եւ բարձրացուցէք ձեր գլուխը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 1 դեկտեմբեր 2018-ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, Հռոմ ուխտագնացութեան առիթով, Սանթա Մարիա Տի Լէուքա, Ուճենթօ եւ Մոլֆեթթա, Ռուվօ, Ճովինացցօ, Թերլիցցի թեմին հաւատացեալները
Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց ներկաները յիշելով Մոլֆեթթա թեմի երեւելի կղերական՝ Հայր Թոնինօ Պելլոյին խօսքը «ես ձեզ կը սիրեմ» հրաւիրելով հաւատացեալները, որ իրարու նայելով կարենան ըսել ես քեզ կը սիրեմ եւ այս դառնայ իրենց ապրելակերպը:՝

Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց ներկաները, որ իրենց կեանքի դառն պահերուն երբեք չի տխրին, դիտել տալով որ այն որ Յիսուսի կը հաւատայ երբեք չի տխրիր , ընդգծելով որ Քրիստոնեայ ժողովուրդին հակառակը տխուր ժողովուրդն է։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ լատինաց ծէսին համաձայն Յիսնակաց շրջանին, որ սկիզբ կ՝առնէ այսօր՝ երեկոյեան, նշելով, որ այսօր կը սկսի ծիսական նոր տարին, որ իր հետ կը բերէ Աստուծոյ նորութիւնը, որ է համայն մխիթարութեան Աստուածը: Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց «ծնած ենք՝ Տիրոջ հետ ըլլալու համար: Երբ որ թոյլ կու տանք Աստուծոյ որ մեր մէջ մտնէ, նորութիւնը հասանելի կը դառնայ: Տէրը միշտ վերանորոգիչ է եւ անակնկալութեան կը մատնէ:

Աստուծոյ նորութեան սպասելը մեր կեանքի մէջ գեղեցիկ է : Պէտք չէ ապրիլ այն սպասումներով, որոնք չենք իրականացուիր , այլ պէտք է ապրիլ այն սպասումով որ է միշտ նորութիւն բերող՝ Աստուծոյ փափաքը: Պէտք չէ Աստուծոյ սպասել ձեռնածալ այլ պէտք է աշխուժ ըլլալ սիրոյ մէջ: Հայր Թոնինոն միշտ կ՝ըսէր թէ իսկական տխրութեան կը մատնուինք երբ ոչ մէկ բան կ՝ակնկալենք կեանքէ: Քրիտոնեաներս կանչուած ենք պահպանելու եւ տարածելու սպսուած ուրախութիւնը: Կը սպասենք որ Աստուած մեզ անհունօրէն սիրէ: ըսաւ Սրբազան հայրը ապա մաղթանք յայտնեց որ հաւատացեալները, յիսնակաց շրջանը ապրին որպէս սպասուած ուրախութեան եւ մխիթարութեան ժամանակաշրջան ըսելով որ հոս երկրին վրայ մարդս կը սպասէ Տիրոջ վերադարձին մինչը երկինքին մէջ Տէրն է որ կը սպասէ մարդուն վերադարձը:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ նաեւ որ Յիսուսի գալստեան յիսնակաց շրջանը կը փարատէ մարդու ամէն վախերը: Ան որ աշխարհի մէջ վախի մէջ է տէրը իր խօսքով կը վերականգնէ եւ այս կատարէ աւետարանի՝ վախի հակառակ երկու խօսքերով – կանգնեցէք եւ բարձրացուցէք ձեր գլուխը (Ղուկաս 21, 28)

Սրբազան Հայր ապա ակնարկելով Մոլֆեթթա քաղաքի ծովային շրջանին հրաւերեց հաւատացեալները որ իրենց ծովուն գեղեցկութեան եւ կեանքի իմաստին նային, ողջագուրուած Աստուղոյ անոր անհուն գեղեցկութեամբ :

Ան նշեց որ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ, որ քաջ ու վստահ նաւարկողներ դառնանք, հետեւելով Տիրոջ ուղղութիւններուն ու մեր կեանքի ցանցերը նետելով Տիրոջ խօսքերուն մէջ: Սրբազան Հայրը շեշտեց որ որ վտանգներէ զուրկ կեանք մը եւ լի վախերով, որ իր սեփական փրկութեան կը նայի քրիստոնէական կեանք չէ:

Ան հրաւիրեց ընդառաջելու աւետարանի հրաւէրին, որ է նաեւ Հայր Թոնինոյի հրաւէրը, ոտքի կանգնիլ: Ոտքի ելլել մեր բազկաթոռներէն , մեզ ծուլացնող հանգստաւէտ կեանքէն, աշխարհականութեան եւ –սպառողական կեանքէն:

Ոտքի կանգելով եւ մեր հայեացքը երկինք սեւեռելով պիտի զգանք՝ մեր ձեռքերը մերձաւորին բանալու կարիքը: Մխիթարութիւն ներշնչելով պիտի փարատին մեր բոլոր վախերը:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնները տալէ առաջ խօսքը եզրափակեց Հայր Թոնինոյի մահուան սեմին, անկողողին մէջ արտասանած վերջին խօսքով : Ես նաեւ կ՝ուզեմ Յարուցեալ Տէրը տեսնել եւ բոլորին համար դառնալ՝ յոյսի եւ ուրախութեան աղբիւր:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2018, 12:49