Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ռոնտինէ» ընկերակցութեան անդամները:

«Ես ալ Ֆրանչիսկոս անունը ընտրեցի մտածելով խաղաղութեան եւ աղքատներուն մասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 3 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած դժուարութեան մէջ գտնուող երիտասարդները՝ «խաղաղութեան քաղաք»-ի մէջ հիւրընկալող Ռոնտինէ (Ծիծերնարկ) անուան բարեսիրական հաստատութեան անդամները, հաստատութեան հիմնադրութեան 20 ամեակի առթիւ:
Ներկաներուն արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ հաստատութեան դաստիարակչական մարզէն ներս յանձնառումին վրայ, որ է հիւրընկալել աշխարհի չորս ծագերէն դժուարութեան մէջ երիտասարդներ, որոնք իրենց ծննդավայրերուն մէջ կ՝ապրին ատելութեան եւ վիշտով լի միջավայրերու մէջ նկատել տալով որ հիմնարկի գործարքը հիմնուած է երկու հոգեւոր արմատներուն վրայ ՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզզացիի ըւ Սուրբ Ռոմուալոյի հոգեւոր արմատներուն վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Ես ալ Ֆրանչիսկոս անունը ընտրեցի մտածելով խաղաղութեան եւ աղքատներուն մասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ աղքատութեան եւ պատերազմներու մասին նշելով որ աղքատութիւնը եւ հակամարտութիւնը առնչութիւն ունեցող ունեցող ժանտախտ մըն է , որ մարդիկ կը սպանէ , տառապանք կը յառաջացնէ ինչպէս նաեւ անկասելի ատելութիւնը կը սփռէ՝ ամենուրեք, բարձր գնահատելով հաստատութեան երիտասարդներուն նուիրումի յանձնառումը որուն միջոցաւ երիտասարդները յանձնառու կը դառնան աղքատութեան դէպ պայքարելու եւ խաղաղութիւն կերտելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց, յառաջիկայ 10 դեկտեմբերին, մարդու իրաւունքներուն միջազգային յայտարարութեան 70 ամեակի առթիւ հաստատութեան կողմէ պատատուած ՄԱԿ-ի հասցէին ուղղուած կոչին, նշեց թէ որ ինք կարդացած է այդ կոչին պարունակութիւնը, որուն մէջ պաղեստինցի եւ Իսրայէլացի երկու երիտասարդներ, միասնաբար կոչ կ՝ուղղեն միջազգային ընտանիքին՝ քայլ մը կատարելու եւ վերաբացուելու երկխօսութեան փոխարինելով զինամթերքի եւ պաշտպանողական ծախսերը՝ դաստիարակչական մարզի ծախսերու:

Գնահատելով այդ երիտասարդներուն կոչը, Քահանայապետը դիտել տուաւ որ անոր մէջ պարունակուած են քաղաքական շօշափելի տեսլականներ: Ան անդրադարձաւ յառաջիկայ 1 յունուար 2019-ին, խաղաղութեան համաշխարհին օրուան առթիւ իր պատգամին, որուն մէջ դարձեալ վերահաստատել կու տայ որ քաղաքականութեան պարտականութիւնը կը պատկանի իւրաքանչիւր քաղաքացիին յատուկէն անոնց որոնք կառավարելու եւ պաշտպանելու պարտականութիւնը ստանձնած են :

Նորին Սրբութիւն ընդգծեց որ բոլորս որ կանչուած ենք փոխանցելու եւ հռչակելու խաղաղութիւնը, որպէս աւետիս՝ ապագայի համար, ուր իւրաքանչիւր կենդանի էակ պիտի նկատուի իր արժանապատուութեան եւ իր իրաւունքներու մէջ:

Ան նշեց որ ինք անձամբ պիտի ընդառաջէ երիտասարդներուն ՄԱԿ-ի ուղղած կոչին խնդրելով պետութիւններէն եւ կառավարութիւններէն որ նոյնի կատարեն մաղթելով որ երիտասարդներուն քնքուշ ձայնը լսելի դառնայ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ յառաջիկայ 10 դեկտեմբերին:

Սրբազան Հայրը ապա շեշտեց որ կարիքը կայ նոր մտածողութեամբ ղեկավարներուն, դիտել տալով որ այն դիւանագէտը որ ջանք չի խնայեր թշնամիին դէմ յանդիման գալու եւ անոր հետը սեղանին շուրջ նստելու, այդ դիւանագէտը չի կրնար իր ժողովուրդը առաջնորդել դէպի խաղաղութիւն:

Նորին Սրբութիւնը ապա իր գոհունակութիւն յայտնեց , որ հաստատութիւնը իրենց դպրոցին մէջ որպէս դասագիրք որդեգրած են Սիրոյ ուրախութիւն յորդորագիրը դիտել տալով որ համապարփակ բնապահպանումը կը նպաստէ՝ մարդկութիւնը՝ որպէս միակ ընտանիք եւ երկրագունդը որպէս հասարակաց տուն յղանալու:

Սրբզան Հայրը եզրափակեց իր ճառը մաղթելով որ հաստատութեան հիմնադրութեան 20 ամեակը վերանորոգիչ սլացք հանդիսանայ, աշխարհի մէջ տարածելու հաստատութեան պարզ եւ զօրաւոր վկայութիւնը ինչպէս նաեւ հաստատութեան պայքարելու տենչը:

Ան ապա շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2018, 13:17