Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը  «Մերչետարի» միաբանութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Մերչետարի» միաբանութեան անդամներուն հետ  

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառը «Մերչետարի» միաբանութեան անդամներուն։

«Ձեր կոչումի եւ առաքելութեան հոգիէն՝ չպակսին ազատութեան, ուրախութեան եւ յոյսի գործիքները»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 6 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց «Մերչետարի» միաբանութեան անդամներուն, միաբանութեան հիմնադրութեան 800 ամեակի Յոբելեանի  առիթով (1218-2018)։

Ներկաներուն ուղղած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, շնորհաւորելով Միաբանութեան 800 ամեակի Յոբելեանը զայն նկատեց շնորհքի ժամանակ, որուն ընթացքին «առիթը ունիք փորձարկելու Աստուծոյ ողորմած սէրը, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրելու ներկան եւ որոնելու նոր  ուղեգիծեր՝ վերանորոգուած հոգիով յառաջ ընթանալու համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խրախուլով զանոնք վերադառնալու իրենց կոչումին, առաջին սիրոյ եւ խոստումին «կեանքը զոհել ինչպէս ըրաւ Քրիստոսը մեզի համար, անհրաժեշտութեան դէպքին, փրկելու համար քրիստոնեաները, որ գերութեան նոր ձեւերու ու գերատիրութեան տակ, կ՛ապրին իրենց հաւաքը կորսնցնելու վտանգը»։

«Այս խօսքերը ուղղուած են բոլորիս ու յատկապէս կրօնաւորներուդ, որով կը նշուի թէ Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ կեանքը զոհել հոգիներու փրկութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ու ներկայացուց Քրիստոսի հետեւելու գլխաւոր պայմանները, յատկապէս որպէս «Մերչետարի» միաբանութեան կրօնաւորներ, շեշտելով ծառայութեան հոգիին անհրաժեշտութիւնը, մարդկային արժանաւորութեան խթանումը, մարմնական ու մտային ստրկութիւններու կանխարգիլման կարեւորութիւնը, ապա ամենախոցելի անձերուն՝ ընկերութեան կեանքէն ներս վերաներառումի հրամայականը։

Սրբազան Պապը խօսեցաւ նաեւ առաքելութեան ու ծառայութեան ծիրէն ներս «ստեղծագործ» ըլլալու մասին ապա զգուշացուց ներկաները իրենց հաճոյքին կամ փառքին նուիրելու իրենց նուաճումները, թելադրելով իրենց ծառայութիւնը նուիրել Աստուծոյ եւ մարդոց, ամենուրէք տանելով Աւետարանի ուրախութիւնը։ Ան ապա դարձեալ շեշտը դրաւ «կեանքի նուիրումին» վրայ, յանձնարարելով այդ մէկը ընել նաեւ կեանքի վկայութեամբ, խուսափելով կղերապաշտութեան փորձութենէն եւ հոգեկան աշխարհիկութիւնէն։ Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց ներկաները նախ իրենք փորձարկելու Քրիստոսի Փրկութիւնը, որպէսզի ապա  զայն բացայայտեն  իրենց եղբայրներուն,  յատկապէս անոնց որոնք կ՛ապրին գաղթականութեան մէջ, անոնց որոնք  թիրախ են մարմնավաճառութիւն, դիւրաբեկ  տարեցներուն, որբ ու շահագործուած մանուկներուն, ապա բոլոր անոնց որոնք ընկերութեան կողմէ անտեսուած ու լքուած են...«Անոնց տարէք Աստուծոյ քնքշութիւնն ու ողորմութիւնը»- ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու Ճառին աւարտին աւելցուց «Ձեր կոչումի եւ առաքելութեան հոգիէն չպակսի  ազատութեան,  ուրախութեան եւ յոյսի գործիքները» ապա մաղթանք յայտնեց որ 800 ամեակի յոբելեանը շնորհէ սրբութեան եւ շնորհքի պտուղներ, ու ըլլայ նաեւ խթան հետեւելու Քրիստոսին,  նոյնիսկ կեանքի զոհաբերումով, ի սպաս  ժամանակակից բոլոր մարդոց։ 

Քահանայապետը ճառը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի զանոնք առաջնորդէ իրենց ուղեւորութեան մէջ, ապա սովորութեան համաձայն ներկաներէն խնդրեց  որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2018, 13:00