Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ամավերջի «Te Deum» Գոհաբանական աղօթք Վատիկանի մէջ։

«Ժամանակներու լրումը Սէրն է»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 31 դեկտեմբեր 2018ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ գլխաւորեց տարուայ աւարտի  «Te Deum- Գովաբանեմ  զքեզ Տէր» գոհաբանական ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին արտասանեց հակիրճ քարոզ մը ներշնչուելով Սուրբ Պօղոսի  Գաղատացիներուն ուղղած նամակէն (Գաղատաց 4, 4-5) ու շեշտը դնելով յատկապէս այդ նամակի երկու արտայայտութիւններու վրայ «Ժամանակի լրում» եւ  «հատուցել», ու այս արտայայտութիւններէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ առաջինը՝ «Ժամանակներու լրումը» աւելի մեծ իմաստ կը ստանայ յատկապէս այսօր, երբ կ՛ապրինք տարուան վերջին ժամերը։

Յիսուսին ցոլացուցած ուժին անունը Սէր է

Արդարեւ Աստուած մեզի ուղարկեց իր Միածին Որդին որուն ծնունդը տօնեցինք մի քանի օրեր առաջ։ Ան ծնաւ կինէ մը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամէն, ծնաւ օրէնքի տակ, հրեայ մանուկ մը, որ հպատակ է Տիրոջ օրէնքին։ Այդ մանուկը երեսուն տարիներ ետք ցոլացուց աննախադէպ ուժ մը, որ տակաւին կը տեւէ ու  պիտի տեւէ համայն պատմութեան ընթացքին։ Այդ ուժին անունը Սէր է։ «Սէրն է որ ամէն ինչի լիութիւն կը պարգեւէ, նոյնիսկ ժամանակին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, «Յիսուս արդարեւ Աստուծոյ սիրոյ խտացումն է» աւելցուց Ան դիտել տալով թէ Աստուածորդոյն առաքելութիւնը փոխհատուցումն է։ Այսինքն մեզ ազատագրել ստրկութեան պայմաններէն ու մեզի վերադարձնել զաւակի ազատութիւնը ու արժանապատուութիւնը։

«Աստուած իր Միածին Որդին ուղարկեց մարդու արտէն արմատախիլ ընելու մեղքի ստրկութիւնը ու անոր վերադարձնելու արժանապատուութիւնը, որովհետեւ մարդուն սրտէն է որ կը բխին չար դիտաւորութիւնները ու անհաւասարութիւնները որոնք կը կաշառեն կեանքն ու յարաբերութիւնները» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով ապաշխարութեան ու ակնարկելով բոլոր այն մարդոց որոնք այս տարի եւս կ՛ապրին ստրկութեան իրավիճակի մէջ։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ արդարութեան, խաղաղութեան եւ սիրոյ թագաւորութիւն է

Յիսուս եւս ծնաւ այդպիսի ծանր ու թշուառ իրողութեան մէջ, սակայն ան այդ մէկը ըրաւ կամաւոր կերպով, որպէսզի բացայայտէ Աստուծոյ սէրը փոքրերուն ու աղքատներուն ու աշխարհի մէջ դնելու համար Աստուծոյ Թագաւորութեան սերմը՝ արդարութեան, խաղաղութեան եւ սիրոյ թագաւորութիւն մը ուր ոչ մէկը ստրուկ է այլ բոլորն ալ իրարու եղբայրներ են, զաւակները միակ Հօր։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Պապը մատնանշեց Եկեղեցւոյ առաքելութեան ու կարիքաւորներուն նկատմամբ անոր հոգատարութեան, քաջալերելով Եկեղեցւոյ այդ մայրական վարմունքը, «յատկապէս այսօր՝ երբ կը տօնախմբենք Սուրբ Կոյս Մարիամի աստուածային մայրութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Աստուած ծնաւ կինէ մը որպէսզի մենք ընկալենք մեր մարդկութեան լիութիւնը՝ զաւակներու որդեգրութիւնը։ Աստուծոյ խոնարհեցումին շնորհիւ մենք վերականգնեցանք։ Անոր փոքրութենէն ի յայտ եկաւ մեր մեծութիւնը, անոր դիւրաբեկ իրավիճակէն՝ մեր զօրութիւնը ու անոր ծառայ դառնալէն մեր ազատութիւնը։

Գոհութիւն մատուցել Աստուծոյ

«Ի՞նչ անուն տանք այս բոլորին եթէ ոչ Սէր» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը։ Սէր Հօր, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն, որուն այս գիշեր Սուրբ Մայր Եկեղեցին համայն աշխարհին մէջ կը բարձրացնէ գոհաբանական ու երախտագիտութեան գովութեան տաղեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2019, 18:31