Որոնել

Մահապատիժի վերացման միջազգային յանձնախումբի պատուիրակութիւնը Մահապատիժի վերացման միջազգային յանձնախումբի պատուիրակութիւնը 

«Մահապատիժի դիմելը անմարդկային է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մաղթանք կը յայտնէ որ որ գերակայէ առադրութիւն մը՝ որ ըլլայ թէ հայր թէ մայր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 17 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Առաքլական պալատին մէջ ընդունելով մահապատիժի դէմ միջազգային յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց մահապատիժի վերացումին ի նպաստ տարած աշխատանքին համար, հաստատելով որ ամէն մէկ կեանք սուրբ է, ու թէ ան  պէտք է պահպանուի առանց բացառութեան։

Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յանձնեց գրի ճառ մը որուն մէջ ընդգծեց  թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը կը մերժէ այնպիսի պատիժներ որոնք ծանրապէս կը վիրաւորեն մարդուն արժանապատուութիւնը. «Մահապատիժը  հակառակ է Աւետարանին որովհետեւ կ՛ոչնչացնէ կեանք մը որ միշտ սուրբ է Արարիչիn աչքերուն եւ որուն իսկական դատաւորն ու  երաշխաւորը միայն Աստուած է» կը գրէ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ անցեալի այն երեւոյթին ուր մահապատիժը ճանչցուած էր որպէս արդար եւ տրամաբանական իրողութիւն մը, որուն դիմած է  նոյնիսկ Քահանայապետական Պետութիւնը, զանց ընելով ողորմութեան առաջնութիւնը արդարութեան վրայ։

«Ասոր համար է որ Քրիստոնէականի նոր շարադրութիւնը մեզ կը դնէ նաեւ անցեալի մեր պատասխանատուութեան դիմաց գիտակցելու համար որ այդ տեսակ պատիժը հետեւանքն է ժամանակակից մտայնութեան մը, որ աւելի «օրէնսդրական» էր քան քրիստոնէական, որ կը սրբացնէր օրէնքի մը արժէքը որ զուրկ էր մարդկայնութենէ եւ ողորմածութենէ» կը գրէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ,  յոյս յայտնելով որ Պետութիւնները որդեգրեն որոշումներ՝ վերացնելու համար այդ դաժան պատիժի ձեւերը։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մաղթանք կը յայտնէ որ  որ գերակայէ առադրութիւն մը՝ որ ըլլայ թէ հայր թէ մայր։  Առադրութիւն մը որ կարող ըլլայ կառուցել աւելի լաւ աշխարհ մը, յատկանշուած ընկերութեան սիրով եւ հասարակաց բարիքի ի նպաստ յանձնառումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2018, 14:00