Սուրբ Ծննդեան պատարագը Վատիկանի մէջ Սուրբ Ծննդեան պատարագը Վատիկանի մէջ 

Մսուրին նայելով կը հասկնանք որ «կեանքին սնունդ տուողը բարիքները չեն՝ այլ սէրը»։ Ֆրանչիսկոս Պապին Ծննդեան քարոզը

«Այս գիշեր մենք եւս կ՛ուղղուինք Բեթղեհէմ բացայայտելու համար Ծննդեան խորհուրդը»

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի ՝ 24 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ մատուցած Ծննդեան Ճրագալոյցի սուրբ պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, օրուան քարոզը կեդրոնացուց Ղուկասի Աւետարանիչէն քաղուած  հետեւեալ խօսքերուն վրայ. « Յովսէփ, Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքէն մեկնեցաւ, դէպի հրէաստան, Դաւիթի քաղաքը՝ Բեթղեհէմ» (Ղուկաս Բ. 4)։

Ունկնդրէ լուրը

Այս գիշեր մենք եւս ուղղուինք Բեթղեհէմ 

«Այս գիշեր մենք եւս կ՛ուղղուինք Բեթղեհէմ բացայայտելու համար Ծննդեան խորհուրդը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Բեթղեհէմի մասին, որ կը «նշանակէ հացի տուն» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ «այդ տան մէջ է  որ Տէրը այսօր ժամադրութիւն կու տայ մարդկութեան, որովհետեւ Ան գիտէ թէ մենք՝ ապրելու համար կարիքն ունինք հացին ու գիտէ նաեւ թէ աշխարհի սնունդը կարող չէ կշտացնելու սիրտը»։

«Բեթղեհէմը խաչմերուկն է ուր կը փոխուի պատմութեան ընթացքը. Այնտեղ է որ ծնաւ Աստուած, մեզի ըսելու համար ահաւասիկ ՝ ձեր կերակուրը։ Աստուած իր կեանքը կու տայ մեզի։ Ինքզինք կը պարգեւէ որպէս հաց՝ կեանքի հաց, որպէսզի մենք վերածնինք սիրոյ մէջ» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկելով մսուրին նշեց թէ անոր առջեւ մենք կը հասկնանք թէ «կեանքը սնուցողը բարիքները չեն այլ սէրը»։

Յիսուսը՝ Երկնքի հաց որուն ընկալումով պատմութիւնը կը փոխուի։

«Տէրը գիտէ թէ մենք պէտք ունինք սնունդի։ Ասոր համար իր կեանքի ամէն մէկ օրը նուիրուեց մեզի, Բեթղեհէմէն մինչեւ Երուսաղէմի վերնատունը, եւ այսօր եւս խորանին վրայ ինքզինք կը նուիրէ մեզի հացի բեկանումով։ Ան կը բախէ մեր դուռը որպէսզի ներս մտնէ ու մեր հետ ընթրէ։ Ծննդեան օրը  կ՛ընկալենք՝Յիսուսը՝ Երկնքի հացը. Կերակուր որ ժամկէտ չունի եւ որ մեզի համտեսել  կու տայ յաւիտենականութիւնը», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ Յիսուսը ընկալելով պատմութիւնը կը փոխուի որովհետեւ Յիսուս սրտերը կը բարեփոխէ ու կը դառնայ ամէն մէկ կեանքի կեդրոն»։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրեց նայիլ մսուրին ու հարց տալ ի՞նչ բանի պէտք ունինք մենք այսօր ապրելու համար, ապա մատնանշեց մսուրի մէջ զետեղուած արձաններուն՝ Մարիամին, Յովսէփին ու հովիւներուն ու խօսքը կեդրոնացուց վերջիններուս վրայ, որոնք Ծննդեան գիշերը Տիրոջ հրեշտակի երեւումին ի տես սաստիկ կը վախնան, ու հրեշտակը անոնց կ՛ըսէ «մի վախնաք»։

Արթուն մնալ, հսկել, վտանգել մեր առօրեան ու պատմել գեղեցկոտութիւնը

«Աւետարանին մէջ տարբեր անգամներ կը հանդիպինք Մի վախնաք՝ խօսքին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որովհետեւ Ադամի մեղքէն ետք մարդը երկիւղի մէջ է ու ահա թէ Բեթղեհէմը կը դառնայ այդ վախի դարմանը։  Բեթղեհէմի հովիւները մեզի ցոյց կու տան ինչպէս դիմել ու ընթանալ դէպի Տէրը։ Անոնք բոլոր գիշերը կը հսկեն։ Արթուն կը մնան ու Աստուած զանոնք կը շրջապատէ իր փառքի լոյսով։

«Մենք ալ կը նմանինք հովիւներուն. Մեր կեանքը կարող է ըլլալ երկար սպասում, եւ այն որ նոյնիսկ ամենախաւար պահերուն Տիրոջ կը դիմէ ու Անոր կը վստահի պիտի ընդունի անոր լոյսը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց հետեւիլ  Հովիւներու օրինակին «արթուն մնալ, հսկել, վտանգել մեր առօրեան ու պատմել գեղեցկութիւնը» ինչպէս ըրին հովիւները Յիսուսը տեսնելէն ետք։

Սիրել Յիսուսը

Քարոզի աւարտին Սրբազան Պապը մատնանշեց  Բարի Հովիւին որ Ծննդեան օրը կու գայ իր կեանքը տալու ոչխարներուն համար ու Զատկուայ օրը Պետրոսին, ու անոր միջոցաւ մարդկութեան, հարց կու տայ «կը սիրե՞ս զիս»։ Այդ հարցումի պատասխանէն կախեալ է արդարեւ հօտին ապագան - ըսաւ Սրբազան Պապը։ Այս գիշեր մենք եւս կանչուած ենք այդ հարցումին  պատասխան տալու ըսելով «Կը սիրեմ»։ Իւրաքանչիւրիս պատասխանը արդարեւ կարեւոր է համայն հօտին համար - յարեց Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը եզրափակեց  աղօթք բարձրացնելով առ Մանուկ Յիսուսը՝ Բարի Հովիւը, խնդրելով որ մեզ ալ շալկէ իր ուսերուն վրայ, որպէսզի Իրմէ սիրուած մենք եւս կարողանանք սիրել ու մեր ձեռքը երկարենք մեր եղբօր։

Ծնունդ է այն ժամանակ երբ կարող եմ ըսել «Տէր դուն ամէն բան գիտես եւ գիտես նաեւ որ քեզ կը սիրեմ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2018, 22:24