Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  

«Լաւ քաղաքականութիւնը խաղաղութեան կը ծառայէ». Խաղաղութեան 52-րդ համաշխարհային օրուայ պատգամ։

Լաւ քաղաքական գործիչը այն է որ հետեւողական է, հաւատալի է, կարողութիւնն ունի ունկնդրելու, քաջ է եւ յանձնառու միութեան ու արմատական բարեփոխումներու ուղիով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 18 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեկային մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Խաղաղութեան 52-րդ համաշխարհային օրուայ Քահանայապետական պատգամին, ի տես յառաջիկայ 1 Յունուար 2019-ին նշուելիք խաղաղութեան համաշխարհային օրուան։

2019-ի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամի բնաբանն է «Լաւ քաղաքականութիւնը խաղաղութեան կը ծառայէ» որովհետեւ ինչպէս կ՛ընդգծէ Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ քաղաքականութիւնը կարող է դառնալ սիրոյ արտայայտութիւն ու ծառայել խաղաղութեան, յարգելով մարդկային իրաւունքները, կառուցելով քաղաքացիութիւն եւ քաջալերելով երիտասարդները։

«Խաղաղութիւն այս տան» այս բառերով է որ Նորին Սրբութիւնը կը սկսի իր նոր տարուայ սկիզբի պատգամը։ Յիսուսին այն նոյն խօսքերով,  որով Ան կ՛առաքէ իր աշակերտները առաքելութեան եւ տունը որուն մասին կ՛ակնարկէ Քահանայապետը «ամէն մէկ ընտանիք է, հասարակութիւն, Երկիր, ցամաքամաս» ու նաեւ «մեր հասարակաց տունը» զոր Աստուած վստահեցաւ մեր խնամքին։

Այսօր լոյս տեսած 8 դեկտեմբեր 2018 թուակիր պատգամին կեդրոնական նիւթը խաղաղութեան ու քաղաքականութեան միջեւ սերտ կապն է։ Ֆրանչիսկոս Պապ արդարեւ կը նշէ քաղաքականութեան ուժականութիւնն ու անոր թերութիւնները, ներկայի եւ ապագայի հեռանկարով, ապա կը հաստատէ թէ  «խաղաղութիւնը կը նմանի դիւրաբեկ ծաղիկի մը որ կը ջանայ ծաղկիլ բռնութեան քարերուն  մէջ։ Ան կը դիմադրէ բռնութիւններուն, անարդարութիւններուն, հարստահարումներուն, կործանումին եւ կղզիացումին, որոնք «յառաջ կու գան այն քաղաքականութիւնէն որ չէ ապրուած որպէս հաւաքականութեան ի սպաս ծառայութիւն» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ակնարկելով բարի  քաղաքականութեան կը հաստատէ թէ ան կը դառնայ «հիմնական գործիք մը՝ կերտելու համար քաղաքացիութիւն եւ կառոյցներ» ու երբ կը գործադրուի կեանքի ազատութիւնն ու  արժանապատուութիւնը յարգելով ան կարող է դառնալ նաեւ «բարեգործութեան մեծ տիպար»։ Որովհետեւ, կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ «Ճշմարտութիւն եւ սէր» յորդորագիրէն խօսքեր, «երբ արարք մը ներշնչուած է սէրէն, կը սատարէ Աստուծոյ այն տիեզերական քաղաքի կառուցումին, ուր ուղղուած է մարդկային ընտանիքի պատմութիւնը»։

«Լաւ քաղաքական գործիչը այն է որ հետեւողական է, հաւատալի է, կարողութիւնն ունի ունկնդրելու, քաջ է եւ յանձնառու միութեան ու արմատական բարեփոխումներու ուղիով։ Այն է որ խղճմտանքով կը կատարէ իր պարտականութիւնը» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ յատուկէն անդրադարձ կատարելով  նաեւ  քաղաքականութեան թերութիւններուն, որոնք, կը գրէ Ան, կը «տկարացնեն իսկական ժողովրդավարութեան մը իտէալը», այդ թերութիւններուն առաջինը համարելով կաշառակերութիւնը, ապա օրէնքներու անարգումը, իշխանութեան  ուժի կիրարկումով արդարացումը, ծայրայեղականութիւնը…որոնք «հանրային կեանքի ամօթն են ու կը սպառնան  խաղաղութեան» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ որ ապա  յատուկէն կ՛անդրադառնայ երիտասարդներուն, ընդգծելով անոնց նկատմամբ պատասխանատուութիւնն ու  քաղաքականութեան դերակատարութիւնը, յատկապէս օգնելու եւ քաջալերելու երիտասարդները, իրականացնելու համար իրենց երազանքները եւ յոյս ունենալու ապագայի մէջ։ Քաղաքականութիւն մը որ ըլլայ խաղաղութեան ծառայութիւն որ կը ճանչնայ իւրաքանչիւր անհատի շնորհապարգեւը, զայն նկատելով որպէս «խոստում մը՝ որ կարող է նոր ուժականութիւն արտացոլալ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով աշխարհը յուզող այլ հարցի մը այն է «ուրիշին, միւսին նկատմամբ վախը» որ «կը յառաջացնէ փակումներ, ազգայնամոլութիւն, հարցականի տակ դնելով «եղբայրութիւնը» որուն մեր համաշխարհայնացած աշխարհը մեծ կարիք ունի»։ Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը կ՛ընդգծէ «խաղաղութեան արուեստագէտներու» ու Աստուծոյ «պատգամաւորներու» դերակատարութեան կարեւորութիւնը ու վերյիշելով առաջին աշխարհամարտի աւարտի հարիւր ամեակը կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու զէնքերու անկարգապահ եւ անօրէն արտադրումը եւ «ահաբեկման առումով ճնշումները»։ «Խաղաղութիւնը, կը հաստատէ Քահանայապետը, չի կրնար սահմանափակուիլ ուժի ու վախի հաւասարակշռութեան ներքոյ»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը կ՛եզրափակէ  իրաւունքի եւ պարտականութիւններու միջեւ յարաբերութեան նուիրուած հատուածով մը, ու Մարդու Իրաւունքներու հռչակագիրին որդեգրման 70 ամեակի ծիրէն ներս,   անգամ մը մը եւս շեշտը կը դնէ  «խաղաղութեան քաղաքական մեծ ծրագիրին» վրայ որ կը հիմնուի փոխադարձ պատասխանատուութեան վրայ ու մարդ էակներու իրար կախուածութեան վրայ։ «Այս մէկը մեզ կը մղէ յանձնառու ըլլալու ամէն օր, ու կը պահանջէ սրտի ու հոգւոյ դարձ մը» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապ ու անոնց որոնք կ՛ուզեն յանձնառու ըլլալ խաղաղութեան քաղաքականութեան ուղիով կը յանձնէ Մարիամի Մեծացուսցէն «Անոր բարութիւնը սերունդէ սերունդ կը տարածուի իր երկիւղածներուն վրայ։ Տարածեց զօրութիւնը իր բազուկին, ցրուեց անբարտաւանները իրենց սրտի խորհուրդովը։ Հզօրները տապալեց իրենց գահերէն, իսկ խոնարհները բարձրացուց»…յիշելով իր գթութիւնը, ինչպէս որ ըսած էր մեր Հայրերուն։ (Ղուկաս 1, 50-55)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2018, 11:00