Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին նոր գիրգ հարցազրոյցը Ֆրանչիսկոս Պապին նոր գիրգ հարցազրոյցը 

Ֆրանչիսկոս Պապին նոր գիրգ հարցազրոյցը:

120 էջնոց գիրգը պտուղն է չորս ժամ տեւող զրոյցի մը ընդմէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ սպանացի միսիոնար Ֆերնանտօ Փրատոի

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«La fuerza de la vocación. La vida consagrada hoy» այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նոր գիրգ հարցազրոյցի  բնաբանը որ լոյս կը տեսնէ մօտ օրէն տասը լեզուներու թարգմանութեամբ, որոնց շարքին նաեւ չինարէն լեզուն։

120  էջնոց գիրգը պտուղն է չորս ժամ տեւող զրոյցի մը ընդմէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ սպանացի միսիոնար Ֆերնանտօ Փրատոի, որ անցեալ 9 օգոստոսին Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ հանդիպեմ ունեցած էր Ֆրանիսկոս Սրբազան Պապին հետ, ու զրոյցի ընթացքին շօշափած կոչումի նիւթը ու անոր դիմաց կայացած մարտահրաւէրները, ինչպէս կղերապաշտութիւնը ու գաղափարախօսութիւնները, որ «նուիրեալ կեանքի ամենամեծ թշնամիներէն մին է» շեշտած է Սրբազան Քահանայապետը։

Գիրգը բաղկացած է երեք գլուխէ՝ նայիլ անցեալին երախտագիտութեամբ, ապրիլ ներկան գորովով ու նայիլ ապագային յոյսով։

Ֆրանչիսկոս Պապն ու Հայր Փրատոյի միջեւ կայացած զրոյցը իրականացուած է ինքնաբուխ կերպով, այսինքն հարցում պատասխաններ չկային ու Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, նախընտրած է տեղւոյն վրայ պատասխանել իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնց շարքին էին նաեւ կարեւոր թեմաներ ինչպէս միասեռականներու հարցը, նաեւ եկեղեցւոյ մէջ, աղքատութեան ծաւալումը ու անոր անտեսումը ու նաեւ աղքատներուն երջանիկ ըլլալու կարողութիւնը։ «Այս մէկը ինձ կը յուզէ. Երբ տեսնեմ աղքատներ որոնք շատ պարզութեամբ կ՛ապրին իրենց առօրեան եւ ուրախ կը թուին որովհետեւ կաշկանդումներ չունին։ Մի գուցէ մենք ալ ապրելու ենք աղքատութիւնը, անկեղծ օրէն, մտահոգուելով այն անձերով որոնք մեզմէ նուազ  բախտաւոր գտնուած են իրենց կեանքին մէջ» ըսած է զրոցյի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2018, 09:24