Որոնել

Դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամ. «Հաւատքի փոխանցումը»։

Աղօթենք, որպէսզի հաւատքի փոխանցման ծառայութեան մէջ յանձնառու անձերը գտնեն այսօրուան պատշաճ լեզուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Եթէ հաւատքը կ՛ուզենք բաժնեկցիլ խօսքով, հարկաւոր է շատ ունկնդրել։ Օրինակ առնենք Յիսուսի ապրելակերպէն, որ կը համակերպէր իրեն դիմաց կեցած անձերուն, զանոնք մօտեցնելու համար Աստուծոյ սիրոյ։

Աղօթենք, որպէսզի հաւատքի փոխանցման ծառայութեան մէջ յանձնառու անձերը գտնեն այսօրուան  պատշաճ լեզուն, երկխօսելու համար մշակոյթներու հետ ու մարդոց սրտերուն հետ, եւ առաջին հերթին շատ մտիկ ընելով»։

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական պատգամին պարունակութիւնը՝ հայող դեկտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան որ նուիրուած է հաւատքի փոխանցումի ծառայութեամբ յանձնառու անձերուն։

Սրբազան Պապը հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթելու անոնց համար, մինչ այդ անձերը կը հրաւիրէ հետեւելու Յիսուսին օրինակին ու մօտիկութիւն ցուցաբերելու ունկնդրութեան միջոցաւ, որպէսզի կարենան իրենց շուրջինները առաջնորդել դէպի Աստուած։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2018, 16:00