Որոնել

Մանուկները մեզի կը սորվեցնեն ըլլալ խոնարհ Մանուկները մեզի կը սորվեցնեն ըլլալ խոնարհ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեսցաւ Վատիկանի Սանթա Մարթայի բուժարանի «ընտանիքի» անդամներուն հետ։

Մանուկները մեզի կու տան այդ դասը՝ եղիր խոնարհ, սորվէ ծռիլ, այսպէսով ր կը սորվիս կեանքը հասկնալ ու հասկնալ նաեւ մարդիկը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 16 դեկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Սանթա Մարթա Բուժարանի մէջ գործող անձնակազմի ու հիւանդներուն հետ։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սրտաբուխ խօսք մը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Սուրբ Ծնունդի այս մթնոլորտին մէջ մտածեցի եթէ Յիսուս Մանուկը հարբուխէ տառապած է մանկութեան շրջանին։ Իրականութեան մէջ չեմ գիտեր եթէ այս մէկը պատահած է, բայց վստահ եմ որ եթէ Տիրամայրը ապրած ըլլար Հռոմի մէջ, Յիսուսը հոս՝ այս բուժարանը պիտի բերէր։

Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բուժարանի բոլոր անձնակազմին, բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, մանուկներուն ու անոնց ծնողաց նշելով թէ Մանուկներուն հետ աշխատիլը դիւրին գործ չէ ու թէ այդ մէկը իրենց կը սորվեցնէ մէկ բան՝  « եթէ կ՛ուզենք կեանքին իմաստը հասկնալ պէտք է խոնարհիլ, ծռիլ, այնպէս ինչպէս կը ծռինք երբ կ՛ուզենք Մանուկի մը համբոյր տալ»։

«Մանուկները մեզի այս կը սորվեցնեն. թէ հպարտները, ինքնահաւանները, չեն կարող կեանքը հասկնալ, որովհետեւ ի վիճակի չեն ծռելու։ Մանուկները մեզի կու տան այս դասը՝ եղիր խոնարհ, սորվէ ծռիլ, այսպէսով  կը սորվիս կեանքը հասկնալ ու հասկնալ նաեւ մարդիկը»։

«Դուք բոլորդ ունիք այս կարողութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը  ու դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին անոնց մաղթելով շնորհաւոր եւ բարի Սուրբ Ծնունդ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2018, 12:00