Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Բոլորս կանչուած ենք պայքարելու թմրամոլութեան ախտին դէմ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Թմրեցուցիչը՝ որ ընկերութեան մեծ վէրք մըն է, մարդիկը կը թակէ իր ցանցերուն մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

29 նոյեմբերէն մինչեւ մէկ դեկտեմբեր 2018 Վատիկան մէջ տեղի ունեցաւ «Թմրամիջոցներ եւ հակումներ. Մարդկային համապարփակ զարգացումին խոչընդոտ»  վերտառութեամբ  միջազգային գիտաժողով մը որուն մասնակիցները,  շաբաթ մէկ դեկտեմբերի առաւօտեան, առիթը ունեցան հանդիպում ունենալու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, որ զանոնք ընդունեց Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով ներկաները Սրբազան Պապը ակնարկեց թմրեցուցիչներու ու հակումներու մտահոգիչ երեւոյթին որ «խոչընդոտ կը հանդիսանայ մարդկային համապարփակ զարգացումին» ըսաւ Ան նշելով ժամանակակից ընկերութեան մի քանի հարցեր, ինչպէս ինքնաբաւութեան երեւոյթը, արժէքներու կորուստը, գոյութենական դատարկութիւնը…. «Որոնց դիմաց թմրեցուցիչը՝ որ ընկերութեան մեծ վէրք մըն է, մարդիկը կը թակէ իր ցանցերուն մէջ, անոնցմէ խլելով ազատութիւնը ու զանոնք դարձնելով թիրախ ստրկութեան» հաստատեց Քահանայապետը մատնանշելով նաեւ թմրեցուցիչներու գործածութեան առողջութեան պատճառած ծանր հետեւանքներուն ու այս ծիրէններս նշելով թէ  «բոլորս կանչուած ենք պայքարելու թմրամոլութեան ախտին դէմ,  սկսեալ կառավարութիւններէն՝ որոնք պէտք է հսկեն ու կանխարգիլեն անոնց վաճառումն ու գործածութիւնը ու նաեւ եկեղեցին որ պէտք է միշտ աւելիով արժեւորէ եւ ընկերութեան կեդրոն կայացնէ մարդ անհատը, դիմելով նոր մարդկայնութեան մը՝ որ հիմնուած ըլլայ «Ողորմութեան Աւետարանի» վրայ, ու անկէ մեկնելով իրագործել հովուական խնամակալութեան ծրագիրներ, սփոփելու ու դարմանելու բազմաթիւ տառապանքները որոնք հետեւանք են մարդկային կեանքի բազմատեսակ հակումներու։

Եկեղեցին աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ յանձնառու է հակազդելու «հակումներու» տարածումին ու ամէն ջանք կը դափէ կանխարգիլման ու դարմանումի ծրագիրներ մշակելով, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց թէ այս ախտը յաղթահարելու համար  հարկաւոր է համագործակից յանձնառում  մը որ ներգրաւէ ընկերութեան զանազան իրականութիւններ,  ընտանիքին, առողջապահութեան ու յատկապէս դաստիարակութեան ծրագիրներ մշակելու նպատակով։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ տեղի ունենայ աւելի ընդլայնուած համագործակցութիւն մը, ստեղծելով զօրակցութեան ու կարեկցութեան ցանցեր ի նպաստ թմրամոլութենէ ու հակումներէ տառապող անձերուն։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց այդ գործունէութիւնը՝ իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ ու «ձեռք տալու այն անձերուն որոնք կը տառապին հակումներէն եւ որոնք կարիքը ունին մեր բոլորին առաջնորդութեան ու մօտիկութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը բոլոր ներկաներն ու անոնց դիտաւորութիւնները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով «մինչ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար, ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն եւ հասարակասիրութիւններուն. կը շնորեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2018, 12:17