Որոնել

Այսօր Ֆրանչիսկոս Պապին տարեդարձն է։

Բարի տարեդարձ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

82 տարիներ անցան այդ 17 դեկտեմբեր 1936էն, երբ Պուէնոս Այրէսի մէջ, Իտալիոյ Փիեմոնթէ շրջանի գաղթական մէկ ընտանիքի յարկին տակ, ծնաւ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն։

Ան մանկութիւնը անցուցած է Պուէնըս Այրէսի մէջ ու իր հաւատքի զօրութիւնը կը պարտի իր մեծ մօրը՝ Ռոզա Մարկերիթա Վասսալլոյին, որ իր թոռնիկին մէջ դրոշմեց Յիսուսի նկատմամբ սէրը։

1958-ին Մարիօ Պերկոլիօ մուտք կը գործէ Յիսուսեան Միաբանութեան դպրեվանք եւ իր ուսումները աւարտելէ ետք Քահանայ կը ձեռնադրուի 1969-ին։

1973-ին կը նշանակուի Յիսուսեան Միաբանութեան Արժանթինի առաքելութեան մեծաւոր։

1992 կ՛ընդունի եպիսկոպոսական օծումը եւ 23 փետրուար 1998-ին կը նշանակուի Պուէնըս Այրեսի Եպիսկոպոս եւ Արժանթինի առաջնորդ։

2001 Փետրուար 21-ին գումարուած կարդինալական ժողովի ընթացքին Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը անոր կը շնորհէ կարդինալական աստիճանը ապա Պենետիկտոս ԺԶ ներկայացուցած հրաժարականէն ետք կարդինալական դասը Մարիօ Պերկոլիոն կ՛ընտրեն անոր յաջորդը՝ 13 մարտ 2013-ին։

19 փետրուար 2017-ին երբ մանուկ մը Ֆրանչիսկսոս Պապին  հարց կու տայ թէ ի՞նչու Քահանայապետ ընտրուած է , Ան կը պատասխանէ. «ընտրուածը ընդհանրապէս ամենէ խելացին չէ, սակայն Աստուած, այդ որոշ պահուն, այդպէս կ՛ուզէ իր եկեղեցիին համար»։

Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ որպէս Քահանայապետ կ՛ընտրէ Ֆրանչիսկոս անունը ներշնչուելով Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկսին «աղքատութեան ու խաղաղութեան սուրբին, արարչութեան խնամք տանող ու արարչութիւնը սիրող մարդուն»։

Բարի տարեդարձ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2018, 10:00