Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Յիսուս» անուամբ միջազգային Վարժարանի անդամներուն։

Վարժարանին բացումը կատարուած է 1968-ին այդ ժամանակուայ Յիսուսեան Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ Հայր Առուփէի նախաձեռնութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 3 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Յիսուսեաններու՝«Յիսուս» անուամբ միջազգային Վարժարանի անդամները, Վարժարանիս հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով։

Վարժարանին բացումը կատարուած է 1968-ին այդ ժամանակուայ Յիսուսեան Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ Հայր Առուփէի նախաձեռնութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնելով վարժարանի վերոնշեալ յոբելեանէն Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ այս մէկը շնորհքի պահ մըն է յիշատակութիւն կատարելու ու Եկեղեցւոյ հետ միասին իրենք զիրենք զգալու անդամ միաբանութեան մը եւ պատկանելիութեան մը՝ որուն անունն է Յիսուս։

Յիշատակել կը նշանակէ դարձեալ ամրապնդուելով Յիսուսին մէջ։ Յստակ ոչ ըսել մենք մեզ համար ապրելու փորձութեան եւ վերահաստատել, թէ մենք Յիսուսին նման գոյութիւն ունինք Հօր համար ու Յիսուսին նման կ՛ապրինք ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու։

Ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա կազմաւորումի մաս կազմող հիմնադրուիլ, աճիլ ապա հասուննալ բառերուն, հաստատելով թէ կազմաւորումի համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ ամբողջութեամբ հիմնուիլ  Աստուծոյ մէջ, ապա նշեց թէ Հռոմի մէջ ապրուած ուսանողական շրջանը առիթ է արմատներ ստեղծելու, որովհետեւ բոյս մը չի կրնար աճիլ առանց արմատներու։

«Դուք կարող էք ունենալ արմատներ երբ սերմանուած էք Աստուծոյ մէջ ու այդ ժամանակ կարող էք նաեւ աճիլ թէեւ չեն պակսիր տագնապներն ու դժուարութիւնները։ Բոյս մը կ՛աճի շնորհիւ անոր տարուած խնամքին։ Աճիլ ու արմատներ ստեղծել կը նշանակէ նաեւ պայքար մղել ի դէմ հոգեւոր աշխարհիկութեան  որ ամենամեծ չարիքն է, որ կրնայ վնաս հասցնել արմատներուն» յարեց Նորին Սրբութիւնը խրատելով  ներկաները յանձնուիլ մխիթարիչ Սուրբ Հոգիին որ զանոնք պիտի քաջալերէ ու պիտի օգնէ աճելու հեզութեամբ, անոնց պարգեւելով անդորրութիւնը որ միայն Աստուծմէ կու գայ։

Աճելու համար հուսկ կան երկու նշաններ՝ ազատութիւն եւ հնազանդութիւն. Երկու առաքինութիւններ որոնք յառաջ կ՛ընթանան երբ միասին կը քալենք։

«Ազատութիւնը անհրաժեշտ է որովհետեւ այնտեղ ուր Տիրոջ Հոգին ներկայ է այնտեղ կայ ազատութիւն», ըսաւ Սրբազան Պապը, ապա մաղթեց որ իր զրուցակիցները ըլլան ազատ զաւակներ, միացած տարբերութեան մէջ, որոնք ամէն օր կը պայքարին ձեռք բերելու աւելի մեծ ազատութիւն մը, անձնական ազատութիւնը, որուն համար աղօթքը մեծ օգնութիւն կը հանդիսանայ. «Աղօթքը որ երբեք պէտք չէ զանց ընել» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց հնազանդութեան կարեւորութեան։ «Եղէք ազատ եւ հնազանդ Սուրբ Իգնատիոսի օրինակով» թելադրեց Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց երրորդ բառին՝ հասունութիւնը որուն համար անհրաժեշտ է հողին մէջ սերմանել նոր սերմեր՝ այսինքն առաքելութիւնը, ու յատկապէս «Յիսուսեաններու առաքելութիւնը՝ աշխարհի ամէնէ դժուար միջավայրերու մէջ, ուր Յիսուսեանը կանչուած է ներկայ գտնուելու» - յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Առաքելութիւնը առիթ է հանդիպելու Քրիստոսի Մարմին, անոր վէրքերուն…թող տառապանքները ձեզ չի վհատեցնեն։ Զանոնք ներկայացուցէք Խաչեալին, աղօթքի ու Սուրբ Զոհի ընթացքին ուր կարելի է ըմպել ու քաղել համբերող սէր որ գիտէ ողջագուրել բոլոր ժամանակներու խաչեալները, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ այդ ձեւով է որ կ՛աճի համբերութիւնը յոյսին հետ միասին, որովհետեւ անոնք երկորեակ են ու կ՛աճին միասին։

«Մի վախնաք արցունք դափելէ, անոնք կեանքը ոռոգող կաթիլներ են որ զայն հլու կը դարձնեն։  Կարեկցութեան արցունքները սրտերը կը բիւրեղացնեն» ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքին աւարտին հաստատեց թէ Յիսուսի անուան միջազգային վարժարանը «մարզադաշտ» է, ուր կարելի է ընդլայնել հորիզոնները ու եղբօր մը միջոցաւ բացայայտել աշխարհի ուրախութիւններն ու իսկական հարցերը, ու անոր մէջ վերագտնել ոչ միայն այն ինչ որ մեզ կը հետաքրքրէ  այլ նաեւ Եկեղեցւոյ մը ու ժողովուրդի մը անծկութիւններն ու յոյսերը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ բոլոր ներկաներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները՝ որպէս սատար հիմնուելու, աճելու ու հասուննալու ի փառս Աստուծոյ։

«Շնորհակալութիւն եւ խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2018, 12:30