Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը նորանշանակ կարգ մը դեսպաններու հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը նորանշանակ կարգ մը դեսպաններու հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը նորանշանակ կարգ մը դեսպաններու։

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Զուիցերիոյ, Մալթայի, Պահամասի, Քափօ Վերտէյի, Իսլանտայի, Թուրքմենիսթանի, Կրէնատայի եւ Կամպիայի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեպանները,։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 13 դեկտեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Քլեմենթինա դահլիճին մէջ  ընդունեց Զուիցերիոյ, Մալթայի, Պահամասի, Քափօ Վերտէյի, Իսլանտայի, Թուրքմենիսթանի, Կրէնատայի եւ Կամպիայի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեպանները, անոնց հաւատարմագրերու ներկայացման առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ հանդիպումին ծիրէն ներս օ Սրբազան Հայրը նորանշանակ դեպաններուն ուղղեց ճառ մը որուն մէջ իր աղօթքները վստահեցնելով անոնց ներկայացուցած Պետութիւններուն ու հայրենակիցներուն, անդրադարձաւ այս տարի նշուող Առաջին Աշխարհամարտի հարիւր ամեակին, որ՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, «իմ նախորդս Պենետիկտոս ԺԵ որակած էր «անիմաստ սպանդ», եւ ասկէ մեկնելով մաղթեց որ Ի դարու երկու պատերազմներէն քաղուած դասը, որ ծնունդ տուաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, շարունակէ  աշխարհի ժողովուրդներն ու անոնց կառավարիչները համոզել՝ թէ զինային հակամարտութիւնները անիմաստ են ու թէ հարկաւոր է դիմել համբերատար երկխօսութեան, լուծելու համար վէճերը։

Յոյսս է, աղօթքի թիկունքով, որ ձեր առաքելութիւնը սատարէ այդ վեհանձն նպատակին «մարդոց միջեւ հաստատելու խաղաղութիւնը, հիմնուած արդարութեան ու սիրոյ վրայ» յարեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու հռչակագիրին որդեգրման 70 ամեակին, որ յիշատակուեցաւ այս օրերուն եւ որ «հիմնական փաստաթուղթ մըն է որ կը շարունակէ առաջնորդել միջազգային դիւանագիտական ջանքերը, աշխարհի մէջ ապահովելու խաղաղութիւնը ու խթանելու ամէն մէկ անհատի եւ բոլոր ժողովուրդներուն համապարփակ զարգացումը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դնելով մարդու արժանապատուութեան յարգանքի կարեւորութեան վրայ ու այս ուղղութեամբ կառավարութիւններու ու ժողովուրդներու յանձնառումին։

«Էական է որ մարդու արժանապատուութեան ու իրաւունքներու յարգանքը ներշնչէ եւ ուղեւորէ որեւէ ջանք, դիմագրաւելու համար պատերազմի ու զինեալ հակամարտութիւններու իրավիճակները, ինչպէս նաեւ ճնշող աղքատութիւնը, հարստահարումն ո անհաւասարութիւնները, որոնք  կ՛անհանգստացնեն մեր աշխարհը եւ որ պատճառ դարձան զանգուածային գաղթականութեան երեւոյթին» հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը ընդգծելով նաեւ գաղթականներու նկատմամբ բոլոր կողմերու բարոյական պատասխանատուութիւնը ու այս ծիրէն ներս Եկեղեցւոյ յանձնառումը՝ ի սպաս մարդկային կեանքի պահպանումին ու ամէն անհատի համապարփակ զարգացումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց նորանշանակ դեսպաններուն մաղթելով բարի աշխատանք, անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի գրասենեակներուն անոնց նկատմամբ հոգատարութիւնը՝ լաւապէս կատարելու համար իրենց յանձնուած պարտականութիւնները, Ան ապա ճառը եզրափակեց բոլորին վրայ հայցելով   Աստուածային Օրհնութիւններ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2018, 10:27