Որոնել

Աղքատներուն համար նոր բուժարան մը Վատիկանի մէջ Աղքատներուն համար նոր բուժարան մը Վատիկանի մէջ 

Աղքատներուն համար նոր բուժարան մը Վատիկանի մէջ։

Բուժարանը՝ բացի աղքատներէն ու չքաւորներէն պիտի ծառայէ նաեւ Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեակի նախաձեռնութեամբ,  Ֆրանչիսկոս Պապը նոր բուժարան մը կը նուիրէ տնանկներուն եւ աղքատներուն, որ կը փոխարինէ 2016-էն ի վեր գործող՝ «Սան Մարթէն» անուամբ նախկին բուժարանը եւ որ պիտի կրէ «Ողորմութեան Մայր - Բուժարան» անունը։

Բուժարանը՝ բացի աղքատներէն ու չքաւորներէն պիտի ծառայէ նաեւ Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն։

Բուժարանը կը գտնուի Սուրբ Պետրոս հրապարակի «Պերնինեան» կամարներուն ներքոյ, որուն վերանորոգման աշխատանքները աւարտեցան այս օրերուն։ Բուժարանի անձնակազմը կազմուած է կամաւոր բժիշկներէ եւ հիւանդապահերէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2018, 13:13