Սուրբ Պետրոսի արձանը Սուրբ Պետրոսի արձանը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Կարդինալ Ռավազիին ուղղած պատգամը՝ Քահանայապետական Ակադեմիաներու ԻԳ նիստին առթիւ։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով առ այդ յաւիտենականութեան գեղեցկութեան, մաղթանք յայտնեց որ նորոգուի յաւիտենականութեան մասին հետաքրքրութիւնը,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով՝ 1995 թուականին եօթը քահանայապետական ակադեմիաներ միացան «ակադեմիաներու համադրումի խորհուրդ» անուան տակ եւ այդ թուականէն սկսեալ անոնք ամէն տարի կը գումարեն իրենց տարեկան նիստը, որուն առթիւ տեղի կ՛ունենայ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն որ ընդհանրապէս կը շնորհուի երիտասարդ գիտնականներու կամ կազմակերպութիւններու որոնք կը զբաղին երիտասարդներով,՝ ի նպաստ քրիստոնէական նոր մարդապաշտութեան մը խթանումին։

Ակադեմիաներու ԻԳ նիստին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց «Ակադեմիաներու համադրումի» նախագահ՝ կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիին, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով անոր ու քահանայապետական ակադեմիաներու գործունէութեան, շնորհաւորեց զանոնք այս տարուայ ընտրած նիւթին համար, որ է «Յաւիտենականութիւն, կեանքի միւս դիմագիծը», որ՝ գրեց Սրբազան Պապը, կը մղէ խորհրդածելու յաւիտենական կեանքի մասին։

Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ այս նիւթը շատ անգամ անտեսուած է, ի տես ներկայ մշակոյթը յատկանշող երեւոյթներուն, ինչպէս՝ հայեցողական հորիզոններու դիմաց փակումը,  ինքնաբաւարարութիւնը ու ներկայի վրայ կեդրոնացումը...«որով կ՛անտեսուի ապագան ու անոր չափանիշերը, յատկապէս երիտասարդներուն համար որոնց համար այդ ապագան մութ եւ անորոշ կը թուի» գրեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Այսպէսով մահէն ետք ապագան կը յայտնուի միշտ աւելի հեռու, անհասկնալի ու ամբողջովին գոյութիւն չունեցող»։ 

Այս ծիրէն  ներս Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Եկեղեցւոյ վարդապետներու եւ աստուածաբաններու ուսուցումներ,  շեշտը դնելով յատկապէս մարդուն Աստուծոյ հետ վերջնական հանդիպումին վրայ, եւ ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացին՝՝ մարդուն միութեան Աստուծոյ հետ, որ մեր յոգնութիւններուն պսակը պիտի հանդիսանայ։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով առ այդ յաւիտենականութեան գեղեցկութեան, մաղթանք յայտնեց որ նորոգուի յաւիտենականութեան մասին հետաքրքրութիւնը, որպէս ապագայի յոյս, ապա շնորհաւորեց այս տարուայ մրցանակակիրները ու պատգամին աւարտին բոլոր մասնակիցները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին որպէսզի բարեխօսէ մեզի համար, «որ պատմութեան մէջ ուխտաւորներ ենք ուղղուած  դէպի յաւիտենականութիւն» գրեց Նորին Սրբութիւնը բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2018, 17:25