Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ նախագահելիք արարողութիւնները։

Երկուշաբթի Դեկտեմբեր 24-ին, Սուրբ Ծննդեանն ճրագալոյցն է։

Երկուշաբթի Դեկտեմբեր 24-ին, Սուրբ Ծննդեանն ճրագալոյցն է։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս  Սրբազան  Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 9.30-ին  Սուրբ Պետրոսի  մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ  Ծննդեան ճրագալոյցի հանդիսաւոր պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կարդինալական եւ եպիսկոպոսական դասը, կղերականներ ու բազմահազար հաւատացեալներ։ Արարողութեան կարելի է հետեւիլ նաեւ հեռուստատեսիլի միջոցաւ՝ շնորհիւ «Վատիկան Մետիայի» սփռումներուն։

Վերոնշեալ Սուրբ Պատարագէն   առաջ նախատեսուած է «Kalenda»ի շարականի երգը, որով կը հռչակուի մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը։ Սուրբ Զոհի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թափորով կ՛ուղղուի Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մուտքի մէկ խորանին մէջ կառուցուած մսուր, այնտեղ զետեղելու համար Մանուկ Յիսուսի արձանը,  ի խորհրդանիշ մեր փրկչին Ծննդեան։

Յաջորդ օր՝ դեկտեմբեր 25ին, տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան։ Սրբազան Հայրը, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի  կեդրոնական պատշգամէն իր ծննդեան պատգամն ու «Ուրպի Էթ Օրպի»  առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ  Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2018, 12:20