Որոնել

 Սթրազպուրկէն առնուած լուսանկար: Սթրազպուրկէն առնուած լուսանկար:  

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցագիրը Սթրազպուրկի ահաբեկչական արարքի պատճառած զոհերուն ի լուր:

Ֆրանչիսկոս Պապ դատապարտեց ահաբեկչական արարքները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին ի լուր, որ պատճառեց 4 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ, չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր յղեց Սթրազպուրկի թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայածառ Լուք Ռավելին:

Ցաւակցագիրին մէջ նշուած է.

«Ֆրանչիսկոս Պապ խոր վիշտով եւ մտահոգութեամբ իմացաւ Սթրազպաուրկի Սուրբ Ծննդեան տօնավաճարի մէջ կատարուած ահաբեչական արարքի պատճառած բազմաթիւ զոհերու լուրը:

Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս խստիւ կը դատապարտէ այդ արարքները: Ան իր կարեկցութիւնը կը յայտնէ մասնաւորապէս զոհերու ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց որոնք թիրախ եղան ահաբեկչական արարքին, անոնց ապահովելով  իր աղօթքը:

Նորին Սրբութիւնը զոհերու հոգիները յանձնելով Աստուծոյ ողորմածութեան, մօտիկութիւն կը յայտնէ վիրաւորեալներուն խնամք տանող կամաւորներուն: Ան որպէս սփոփանք, Աստուածային առատ օրհնութիւնները կը հայցէ՝ յատուկէն զոհերուն ու անոնց խնամք տանող անձերուն, ինչպէս նաեւ համայն Ֆրանսայի ժողովուրդին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2018, 08:36