Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Տիար Մահմուտ Ապպասին:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Կարդինալ Փարոլինին հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 3 դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց թէ այսօր՝ 3 դեկտեմբերին- Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պաղետինեան իշխանութեան նախագահ Տիար Մահմուտ Ապասը: Նախագահը ապա հանդիւում ունցեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ. ընկերակցութեամբ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն բաժանմունքի քարտուղար՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակերին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ի ընթացքին գնահատուած են Սուրբ Աթոռի եւ Պաղեստինի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան ընկերութեան մէջ քրիստոնեաներուն դրական ներկայութիւնը եւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին զրոյցի նիւթերը կեդրոնացած են Պաղեստինեան ժողովուրդի ներքին համերաշխութեան ուղեւորութեան, ինչպէս նաեւ Պաղեստիցիներու եւ Իսրայելցիներուն միջեւ խաղաղութեան գործընթացի աշխուժացումին վրայ՝ ի նպաստ երկու պետութիւններու հաստատման , մաղթելով որ միջազգային հասարակութիւնը վերանորոգէ իր յանձնառումը ընդառաջելու երկու ժողովուրդներու օրինական ձգտումներուն:

Յատուկէն քննարկուած է Երուսաղեմի կարգավիճակը, կարեւոր նկատելով ճանչնալ եւ պահպանել Սուրբ Երկիրի ինքնութիւնը ու անոր տիեզերական արժէքը՝ երեք Աբրահամեան կրօններուն ի նպաստ:
Ի Վերջոյ անդրադարձար կատարուած է Միջին Արեւելքը յուցող հացերուն, շտապ նկատելով խաղաղութեան եւ երկխօսութեան գործընթացը, համագործակցութեամբ կրօնային հասարակութիւններուն՝ պայքարելու համար ծայրայեղականութեան ամէն ձեւերուն դէմ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2018, 14:51