Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ՖԱՕ-ի ուսումնաժողովի մասնակիցներուն:

Երկրագունդին հետ պէտք ենք քնքշութեամբ վարուիլ չկործանելու համար Աստուծոյ ձեռքերով ստեղծուածը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ պատգամով մը ողջունեց Մատրիտի մէջ գումարուած «ջուր, գիւղատնտեսութիւն եւ սնունդ. Ապագան կառուցենք» խորագիրով՝ ՄԱԿ-ի Պարենի եւ գիւղատնտեսութեան ուսումնաժողովի մասնակիցները։

Պատգամին մէջ Սրբազան հայրը նկատել տուաւ Սուրբ Գիրքի իմաստութիւնը ի յայտ կը դնէ կապը ընդմէջ «անձրեւի, բերքի եւ սնունդի»՝, զանոնք կմեկնաբանելով երախտապարտութեան եւ գոհութեան տեսանկիւնէն։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը պատասխանատուութեան հրաւէր կ՛ուղղէ , չներփակուելու փոքրիկ հաշիւներուն մէջ, որոնք արգելք կը հանդիսանան, հիմնական կարիքներէ զրկուած անձերու օժանդակութեան:

Ակնարկելով ապա «կառուցել ապագան» համաժողովին խորագիրին, Սրբազան Հայրը նշեց որ ան կը պարունակէ դրական իմաստ մը, ուրիշին հանդէպ բացուածութեան եւ օգնութեան իմաստը, որովհետեւ ապագան՝ որուն բոլորս կը բաղձանք, չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ՝ արդար , զօրակից եւ վեհանձն համագործակցութեան արդիւնք, ուր մարը անհատը ու անոր հիմնական իրաւունքները նկատուած են որպէս կեդրոն։

Ան ապա դիտել տուաւ, որ մարդկութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները , այնքան խրթին ու բազմաթիւ են, որ կարիքը կայ բոլորին գաղափարներուն, միացեալ ջանքերուն, հրաժարելով բացառութեան անձնասիրութենէն ու դիտել տալով որ երկրագունդի ունի որակաւոր եւ քանակով մեծ բնական հարստութիւնները, որոնք պէտք են բաշխուիլ հաւասար կերպով, վերացնելով անարդարութեան եւ անհաւասարութեան արարքները եւ այնպէս մը գործել , որ ոչ մէկուն պակսի առօրեայ հացը ու կենսական միջոցները, որոնց շարքին են ջուրը, որ էական է սակայն դժբախտաբար մատչելի չէ շատերուն համար :

Նորին Սրբութիւն կարեւորեց բնապահպանութեան խնամքը, պահպանելով անոր գեղեցկութիւնը, մշակելով անոր դաշտերը առանց ագահութեան եւ առանց պատճառելու անդարմանելի ծանր հետեւանքներ: Ան յորդորեց որ հողին հետ պէտք ենք քնքշութեամբ վերաբերիլ չկործանելու համար Արարչին ձեռքերով ստեղծուածը դիտել տալով որ եթէ այսպէս չկատարենք, երկրագունդ պիտի դադրի կեանքի աղբիւր դառնալէ՝ մարդկային ընտանիքին համար, պատճառելով տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ ծանր հետեւանքներ ինչպէս ջուրի ապականում- աղբերու կուտակում- անտառներու բնաջնջում եւ օդի ապականում :

Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց նաեւ կերակուրի մսխումէն, թելադրելով մանուկներն ու երիտասարդները դաստիարակել առողջ կերպով սնուելու հուսկ պատգամը աւարտեց մաղթելով որ ուսումնաժողովը սատարէ խթանելու «նորոգուած կամքի՝ երկիրը դարձնելու հասարակաց տուն մը որ կ՝ընկալէ բոլորը, բաց դուռերով տուն մը հաղորդութեան վայր եւ պտղաբեր համակեցութեան վայր մը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2018, 13:13