Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Telepace «խաղաղութեան ձայն» հեռուստակայանի անձնակազմը:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Telepace հեռուստակայանը բնորոշող կոչումին, մատնանշելով ՝ Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ մէջ՝ մարդուն ի սպաս հեռուստակայանի մատուցած հարազատ ծառայութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 13 դեկտեմբերին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ ընդունեց Telepace «Խաղաղութեան ձայն» հեռուստակայանի անձնակազմի պատասխանատուները, պաշտօնեաներն ու բարեկամները՝ հեռուստակայան հիմնադրութեան 40-րդ ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկաներուն յղած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ հեռուստակայանի հիմնադրութեան 40-րդ ամեակի տեղի ունեցած հանդիսութիւնները, առիթ հանդիսացան Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելու եւ մտածելու հեռուստակայանի անձնակազմի մատուցած արհեստավարժ ծառայութեան մասին, ընդգծելով, որ հաղորդակցութեան միջոցները Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւներ են , որոնք կ՝ընդլայնեն բազմաթիւ անձերու հորիզոնները, դիտել տալով նաեւ որ այդ միջոցները Աստուծոյ պարգեւները ըլլալէ անդին, ունին նաեւ մեծ պատասխանատուութիւնն որուն զօրութիւնը կը կայանայ նեցուկ կգանելու մէջ՝ խնամք տանելով, մխիթարելով, ամոքելով ինչպէս նաեւ տօնախմբելով:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Telepace հեռուստակայանը բնորոշող կոչումին, մատնանշելով ՝ Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ մէջ՝ մարդուն ի սպաս հեռուստակայանի մատուցած հարազատ ծառայութեան:

«Իտալիոյ փոքրիկ մարզերու մէջ ծնունդ առած հեռուստակայանը ունի որպէս միակ եւ յստակ նպատակ ՝ըլլայ ձայնը՝ ձայն չունեցողներուն» ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով ներկաները շարունակելու հետապնդել այդ նպատակին ՝յատկապէս ժամանակից աշխարհին մէջ ուր՝ «մնացորդացի» մշակոյթը անձայն կը թողու բազմաթիւ անձեր:

Սրբացան Քահանայապետը հուսկ իր ուրախութիւն յայտնելով որ բաժնեկից կը դառնայ հեռուստակայանի հիմնադրութեան տօնախմբութեան նշեց թէ սա պէտք չէ ըլլայ ինքնանպատակ, այլ պէտք է առիթ հանդիսանայ ՝ 40 տարի առաջ ձեռքբերուած՝ յանձնառումի վերանորոգումին: Քահանայապետը հուսկ թելադրեց երեք յանձնառութիւններ:

Առաջին՝ հեռուստակայանը ըլլայ հոգեւորութեան՝ ալիք սփռող եւ ալիք հաւաքող գործիք, ունենալով որպէս պարտականութիւն, Ողորմած Հօր Աստուծոյ սիրոյ հոգեւոր նշանները ճանչցնել։

Երկրորդ՝ դաստիարակել երիտասարդները աւետարանի դպրոցին մէջ: Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց որ հաղորդամիջոցները աւելի ուշադրութիւն ցուցաբերեն երիտասարդներուն, ոչ միայն պատմելով անոնց յուսախաբութիւնները այլեւ անոնց երազանքները- յոյսերը։

Երրորդ: Ըլլալ պատմիչներ, առանց իյնալու շատախօսութեան բամբասանքի թակարթին մէջ: Նորին Սրբութիւն դիտել տուաւ որ «Հաղորդակցութիւնը ոչ միայն լուրեր կը սփռէ այլ փոխադարձ հարստութեան յարաբերութեան միջոց է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր համարեց պատասխանատու հաղորդութեան ձեւ մը, հրաւիրելով մտածել լեզուի , շատախօսութեան միջոցներով գործուած չարիքներուն մասին: Ան հրաւիրեց զարգացնել խաղաղութեան լրագրութիւնը կազմուած անձերէն ՝անձերու համար, որ կը հասկցուի որպէս բոլոր անհատներուն ծառայութիւն, յատուկէն աշխարհի մեծամասնութիւններուն համար, որոնք անձայն են:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը Հայցելով Տիրոջ օգնութիւնը հեռուստակայանի անձնակազմի անդամներուն չդավաժանելու համար իրենց հեռուստակայանի նշանաբանի մէջ դրոշմուած նպատակը, որ է ըլլալ միշտ խաղաղութեան հեռուստակայան, որ է Աստուծոյ պարգեւը եւ որ համեստութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կը ներգրաւէ մարդկութիւնը:

Ան ապա մաղթեց ներկաներուն որ լաւապէս պատրաստուին Սուրբ Ծննդեան տօնին՝ լռութեան մեծ խորհուրդին, թողելով որ Մանուկ Յիսուսը խօսի, թողելով որ Մանուկ Յիսուսի աղքատ եւ անպաշտպան հայեացքը ներթափանցէ իրենց սրտերուն մէջ ու Մանուկին քնքշութիւնը՝ բոլորին համար ըլլալ առիթ՝ խաղաղութեան ալիքներ դառնալու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2018, 12:38