Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակի տօնածառի եւ մսուրի նուիրատուները:

«Տօնածառը եւ մսուրը երկու նշաններ են, որոնք երբեք պիտի չդադրին բոլորս հրապուրելէ, անոնք մեզի կը խօսին Սուրբ Ծնունդի մասին եւ կ՝օգնեն՝ Աստուծոյ խորհուրդի մասին խոկալու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տօնածառի եւ մսուրի նուիրատուները:
Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տօնածառի եւ մսուրի իրեն ընծայուած պարգեւներուն համար, նկատել տալով, որ տօնածառն ու մսուրը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը զետեղելով  պիտի հրապուրեն աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորները:
Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Վենետիկի Լատինաց Պատրիարքին, Քոնքորտիա թեմի եպիսկոպոսին, քաղաքացիական ընկերակցութեան, Եզոլօ քաղաքին եւ Ֆրիուլի- Վենեցիա մարզի բնակիչներուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք գործակցեցան Սուրբ Ծնունդը խորհրդանշող նշանները իրականացնելու համար, յատուկէն տարբեր երկիրներէն ժամանած մսուրին քանդակագործներն ու արուեստագէտները ինչպէս նաեւ Վատիկանի աշխատաւորները:
«Տօնածառը եւ մսուրը երկու նշաններ են, որոնք երբեք պիտի չդադրին բոլորս հրապուրելէ: Անոնք մեզի կը խօսին Սուրբ Ծնունդի մասին եւ կ՝օգնեն՝ Աստուծոյ խորհուրդի մասին խոկալու,  որ մարդացաւ իւրաքանչիւրիս նեցուկ կանգնելու համար:
Տօնածառը իր լոյսերով մեզի յիշել կու տայ, որ Յիսուս աշխարհի ճրագն է, Ան թշնամութեան խաւարը փարատող եւ ներումի տեղ տուող հոգիին ճրագն է» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով կարմիր գոյնէ տօնածառին, որ բերուած է «Քասնիլիօ» անուան անտառներէն յարեց թէ, տօնածառին 20 մթ բարձրութիւնը, Աստուծոյ խորհրդանիշն է, որ Իր Որդոյն՝ Յիսուսի միջոցաւ, մարդուն դիմաց խոնարհաբար ծնաւ,  մարդը բարձրացնելու համար  իր եսասիրութեան եւ մեղքի մարախուղէն վեր:

Ինչ կը հայի աւազէ շինուած մսուրին, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ աւազը աղքատ նիւթ մըն է եւ անիկա մեզի յիշել կու տայ Աստուծոյ պարզութիւնն ու փոքրութիւնը՝ Բեթեղեմի քաղաքի մէջ չքաւորութեան մէջ ծնելով, ապա հաստատեց որ փոքրութիւնը ազատութիւն է: Ան որ փոքրիկ է Աւետարանի իմաստով, ոչ միայն ինքզինք թեթեւ կը զգայ այլեւ՝ կը ձերբազատուի երեւելու կաշկանդէն, մանուկներու նման՝  իրենց հօր դիմաց, ինքնաբուխ եւ ազատ շարժելով:

Մսուրին մէջ զետեղուած Մանուկ Յիսուսը, Աստուծոյ Որդին, մեր Փրկիչը Սուրբ է՝ աղքատութեան, փոքրութեան , պարզութեան եւ հեզութեան մէջ: Ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ հրապուրիչ Սուրբ Ծնունդի տօնածառն ու մսուրը կարենան Աստուծոյ քնքշութեան լոյսը ճառագայթել ընտանիքներուն մէջ,  օժանդակելով անոնց Յիսուսի Սուրբ ծնունդի տօնը ապրելու,  Մանուկ Աստուծոյ հեզութեան մասին խոկալով, եւ որպէսզի բոլորս կարենանք քնքշութեան, բարութեան եւ հեզութեան վկաները դառնանք:
Շնորհաւորելով բորորին Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնը, ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2018, 13:05