Յիսուսի սուրբ Ծննունդի  տօնը խորհդանշող զարդարանք: Յիսուսի սուրբ Ծննունդի տօնը խորհդանշող զարդարանք: 

«Յիսնակաց շրջանը ցոյց կու տայ կեանքի էականը, որ է հանդիպիլ Քրիստոսին՝ մեր եղբայրներուն մէջ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ուշադիր անձը այն է, որ լիուլի եւ գիտակցաբար կ՝ապրի՝ մտահոգուելով ուրիշներուն համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 2 դեկտեմբերին, Լատինաց ծէսին համաձայն, սկիզբ կ՝առնէ գալստեան (յիսնակաց) շրջանը որ Յիսուսի ծննդեան տօնին նախորդող 25 օրերն են:

Այս առիթով կը ներկայացնենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յիսնակաց շրջանի մասին կարգ մը խորհրդածութիւններ:

2017-ին՝ 3 դեկտեմբերին, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Յիսուսի գալստեան նախորդող 25 օրերու նախապատրաստական շրջանին մասին, յարեց թէ անիկա՝ Յիսուսը ընկալելու պատրաստութեան շրջան մըն է, Յիսուսը որ կու գայ մեզի հանդիպելու :

Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, Յիսուս մեր մօտ կը վերադառնայ, երբ կը յիշատակենք Անոր պատմական գալուստը՝ մարդկութեան հեզ պայմաններու մէջ:

Յիսուս մեր մօտ կու գայ ամէն անգամ, որ պատրաաստկամ ենք զինք ընդունելու: Ան դարձեալ պիտի գայ ժամանակներուն լրումին, դատելու համար կենդանիներն ու մեռեալներն: Ասոր համար է որ պէտք ենք հսկել եւ սպասել՝ Տիրոջ հանդիպելու յոյսով:

27 նոյեմբեր 2016-ին, Մարեմեան աղօթքի խորդհդածութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ թէ Տէրը մարդհութեան այցելած է երեք անգամ

Տիրոջ առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցած է Բեթղեհէմի քարայրին մէջ՝ Յիսուս աշխարհ գալով:

Երկրորդ այցելութիւնը տեղի կ՝ունենայ ներկայի մէջ: Տէրը շարունակաբար մեզ կ՝այցելէ ամէն օր: Ան մեր մօտ կը քալէ եւ որուն ներկայութիւնը մխիթարիչ է:

Մինչ Տիրոջ երրորդ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ վերջին դատաստանի օրը, երբ Անոր հետ պիտի հանդիպինք:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կ՝ընդգծէ թէ յիսնակաց շրջանը՝ Յիսուսի հրաւէրն է հսկելու եւ ուշադիր ըլլալու՝ չի կորսնցնելու համար մեզի տուած սիրոյ առիթները:

Նորին Սրբութիւն կը շեշտէ թէ ուշադիր անձը այն է, որ թոյլ չի տար իր անձին որ ընկղմի աշխարհի աղմուկին մէջ՝տարուած մակերեսային երեւոյթներէն: Ուշադիր անձը այն է որ լիուլի եւ գիտակցաբար կ՝ապրի՝ մտահոգուելով ուրիշներուն համար:

Սա կեցուածք մըն է որ մեզի անդրադառնալ կու տայ մերձաւորի կարիքներուն ու արտասուքներուն ինչպէս նաեւ կարող կը դարձնէ ՝ ընկալելու մարդկային եւ հոգեւոր կարողութիւնները:

Յիսուսի Գալստեան նախապատրաստական շրջանը մեր հայեացքը սեւեռել կու տայ դէպի երկինք՝մեր ոտքերը սակայն միշտ երկրին վրայ, կ՝ըսէ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ ուշադիր եւ ուշիմ անձը, գիտէ այս աշխարհի անտարբերութեան ու չարութեան հակազդել , միեւնոյն ժամանակ կը հրճուի աշխարհի մարդոց գեղեցկութեամբ, զանոնք պաշտպանելով: Սա կը նշանակէ հասկացողութեան հայեացք ունենալ ՝ճանչնալու համար ընկերութեան մէջ գտնուող չքաւորութեան, թշուառութեան մատնուած անհատները ինչպէս նաեւ ամենօրեայ փոքրիկ իրողութիւններուն մէջ ճանչնալ անոնց մէջ թաքնուած հարստութիւնը, ճիշդ հոն ուր Տէրը զետեղած է:

Արթուն անձը, կ՝ընդառաջէ Յիսուսին՝ հսկելու հրաւէրին այսինքն, գիտէ չյուսալքուիլ ՝յոյսի պակասութեան եւ յուսախաբութեան դէմ, միեւնոյն ժամանակ գիտէ հեռու մնալ աշխարհի ունայնութիւններէն, որոնք յաճախ ընտանիքներուն եւ անձերու անդորրութեան պատճառ կը դառնան:

Արթուն եւ ուշադիր ըլլալ առաջադրանքներ են չշարունակելու հեռու ընթանալ Տիրոջ ուղիներէն՝ մոլորուած մեր մեղքերուն եւ անհաւատարմութեան մէջ: Արթուն եւ ուշադիր ըլլալ պայմաններ են Տիրոջ թոյլ տալու որ մեր գոյութենականութեան մէջ թափանցէ::

Յիսնակաց շրջանին, Ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ մարդկութիւնը կը յանձնէ Աստուածամօր ըսելով.

«Ով Յիսուսի գալստեան Տիրամայր, օգնէ մեզի մեր կեանքի սեփականատէրը չդառնալու, օգնէ մեզի չդիմադրելու երբ Տէրը կու գայ մեր կեանքը փոխելու, այլ պատրաստ գտնուինք՝ Տիրոջ այցելութեան երբ կու գայ մեզի այցելելու, որպէս սպասուած եւ հաճելի հիւր մը, որ մեր բոլոր ծրագիրները կը յեղաշրջէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2018, 12:35