Եգիպտոսի մէջ պայթում Եգիպտոսի մէջ պայթում 

Կարդինալ Փարոլինի ցաւակցագիրը Եգիպտոսի նախագահին

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր Եգիպտոսի նախագահին, ականուած ռումբի մը պայթումի ի լուր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 29 դեկտեմբերին, Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին ի լուր որ պատճառեց 4 զոհ ու բազմաթիւ վիրաւորներ, Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր յղեց Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Ապտել Ֆաթեհ Ալ Սիսիին:

Ցաւակցագիրին մէջ նշուած է.

«Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրեցաւ, իմանալով Կիզա քաղաքի մէջ ականուած ռումբի պայթումի լուրը: Դատապարտելով այս անիմաստ եւ դաժան արարքները, Ան կ՝աղօթէ զոհերու ու անոնց ընտանիքներուն համար ինչպէս նաաւ վիրաւորներու եւ շտապ օգնութեան փութացող կամաւորներուն համար: Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթելով որ խաղաղութեան եւ զօրակցութեան հոգիով ամէն ջանք կը տարուի յաղթահարելու համար բռնութեան արարքները, Աստուածային օրհնութիւնները կը հայցէ համայն Եգիպտոսի ժողովուրդին համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2018, 14:05