Որոնել

Ալճերիոյ մէջ Սանթա Քրուզ Մայր տաճարը: Ալճերիոյ մէջ Սանթա Քրուզ Մայր տաճարը: 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Ալճերիոյ մէջ կայանալիք 19 նահատակներու երանացման արարողութեան:

«Յիշեցէք խօսքը զոր ձեզի ըսած էի, ծառան աւելի մեծ չէ քան իր Տէրը: Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ կը հալածեն:»( Յովհ 15,25)

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին, Ալճերիոյ մէջ կայանալիք, 19 նահատակ կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու երանացման արարողութեան, նախագահութեամբ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Պեչչույին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ, չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, նամակով մը իր սրտի խօսքը փոխանցած է սուրբերու դատի ժողովին կառավարիչին :

Լատիներէնով գրած նամակին մէջ Սրբազան հայրը միջերով Յիսուսի խօսքը «Յիշեցէք խօսքը զոր ձեզի ըսած էի, ծառան աւելի մեծ չէ քան իր Տէրը: Եթէ զիս հալածեցին, ձել ալ կը հալածեն: Յովհ 15,25» նշած է թէ Յիսուսին այս խօսքերը կը շարունակեն այժմէական ըլլալ զանազան տարածաշրջաններու մէջ, տարբեր ձեւերու միջոցաւ, ցոյց տալով բոլորին, որ հալածանքները անցեալին պատկանող դէպքեր չեն, որովհետեւ այսօր եւս նոյնը կը պատահի ժամանակից մարտիրոսներուն տարբեր ձեւեով կրած տառանքներու ընդմէջէն. ՝ըլլայ տաժանելի մահով, ըլլայ մեղմ մահով՝ կեղծաւորութեան եւ չարախօսութեան միջոցներով:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը հաստատէ թէ եկեղեցի միշտ յատուկ ջերմեռանդութիւն ունեցած է մարտիրոսներուն հանդէպ, որոնք իրենց հաւատքն ու սէրը վկայեցին Տիրոջ, մինչեւ արեան զեղում. Այսպէս նաեւ վկայեցին Ալճերիոյ մէջ 19 նահատակների , գրեց Սրբազան Պապը, յիշելով դարձեալ Յիսուսի Խօսքը «Ահա ձեր հետ պիտի մնամ մինչեւ աշխարհի վերջը: Մատթ 28, 18-20:օ

Սրբազան Հայր ապա Կարինալ Պեչչույնէն խնդրած է որ իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցէ այլ դաւանքներուն պատկան հաւատացեալներուն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, դիտել տալով որ Ալճերիոյ մէջ նահատակուած երանելիները ներեցին իրենց ոճրագործները ցոյց տալով որ իրենք աւելի սիրենցի յաւիտենական կեանքը- այժմ անոնք ունին այն ինչ որ շատ սիրեցին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2018, 09:41