Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ « Պաշտպանել մարդկային իրաւունքները նոյնիսկ հակառակ հոսանքի դէմ երթալով:»

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ կ՝ուղղէ կառավարիչներուն մարդկային իրաւունքները նկատելու իրեցն քաղաքականութեան կեդրոն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարդու իրաւունքներու միջազգային հռչակագիրի որդեգրման 70-րդ ամեակի ծիրէն ներս, նախաձեռնութեամբ մարդկային համապարփակ զարգացման քահանայապետական ժողովին, 10 եւ 11 դեկտեմբերին, Հռոմի Յիսուսեան Գրիգորեան համալսարանէն ներս տեղի կ՝ունենայ «մարդկային իրաւունքները ժամանակակից աշխարհի մէջ, ձեռքբերումները, բացթողումներ, ժխտումներ» խորագիրով միջազգային դասախօսութիւնը, որուն բացումը կատարեցին վերոյիշեալ քահանայապետական ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն ինչպէս նաեւ Գրիգորեան համալսարանի մեծաւոր՝ Հայր Նունօ Տա Սիլվա Կոնքալվես:

Յայտնենք թէ յիշեալ միջազգային դասախօսութեան, ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Բերիոյ Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ ՝ Արհ Պետրոս Արք Մերիաթեան:

Վերոնշեալ դասախօսութեան բացման արարողութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամը մը յղեց դասախօսութեան մասնակիցներուն որուն սկիզբը իր սիրալիր ողջոյնները փոխանցեց դասախօսութեան ներկայ գտնուող՝ Սուրբ Աթոռի, ՄԱԿ-ի- Եւրոպական Խորհուրդի, խաղաղութիւն եւ արդարադատութիւն եպիսկոպոսաց յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն:

Սրբազան Քահանայապետեը ակնարկելով 70 տարի առաջ հռչակուած մարդկային իրաւունքներու միջազգային յայտարարութեան եւ 25 տարի առաջ Վիեննային մէջ որդեգրուած մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան հայող յայտագիրին երկու փաստաթուղթերուն յարեց թէ այդ երկու փաստաթուղթերուն միջոցաւ Միացեալ Ազգերուն ընտանիքը ուզեց ճանչնալ մարդկային անձի հաւասար արժանապատուութիւնը, որմէ կը բխի ազատութեան հիմնական իրաւունքներ, որոնք տիեզերական եւ եւ անզիջելի են:

Նորին Սրբութիւնը ապա մաղթեց , որ մարդկային իրաւունքներուն միջազգային յայտարարութեան 70 ամեակը խթան հանդիսանայ վերանորոգուած յանձնառումի մը՝ ի սպաս մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան՝ յատուկէն հասարակութեան խոցելի անդամներուն:

Ան ապա նկատել տուաւ, որ մարդկային իրաւունքներուն յայտարարութեան 70 տարի ետք, տակաւին առկայ են բազմաթիւ անարդարութեան արարքներ՝ պատճառուած մարդաբանական վերածական տեսլականէն, ինչպէս նաեւ շահի վրայ հիմնուած տնտեսականութեան տիպարէն- որ չի խնայեր ոչ մի բան ՝ հասնելով նոյնիսկ մարդը սպաննել:

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ թէ մինչ՝ մարդդկութեան մաս մը կ՝ապրի հանգիստ վիճակի մէջ, այլ մաս մը, ականատես է իր արժանապատուութեան ոտնակոխումին եւ խախտուած են անոր բոլոր հիմնական իրաւունքները:

Ֆրանչիսկոս Պապ այս ծիրէս ներս մտաբերեց անթիւ նորածինները, որոնցմէ խլուած են աշխարհ գալու իրաւունքը, յիշեց բոլոր անոնց որոնք զուրկ են անհրաժեշտ միջոցներէն՝ արժանավայել կեանք մը ապրեու համար, անոնք որոնք զուրկ են դպրոցական կրթութենէ ինչպէս նաեւ տմարդկային պայմաններուն մէջ ապրող բանտարկեալները:

Ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ նկատել կու տայ որ կան հակամարտութիւններուն գօտիի մէջ գտնուող մարդկային իրաւունքներէն զրկուած բազմաթիւ մարդիկ, մինչ անդին՝ մահի վաճառականները կը շարունակեն հարստանալ իրենց եղբայրներու եւ քոյրերուն արեան վաճառքով, ապա նշեց թէ «սոյն ծանր երեւոյթներուն դիմաց բոլորս կանչուած են դատի»:

Նորին Սրբութիւն ընդգծեց՝ թէ երբ հիմնական իրաւունքները կը խախտուին, երբ քիչեր առանձնաշնորհուած են ուրիշներուն հաշւոյն, երբ կարգ մը խումբերու երաշխաւորուած է մարդկային իրաւունքները, այն ժամանակ տեղի կ՝ունենան լուրջ անարդարութեան արարքներ, որոնք պատճառ կը դառնան պատերազմներուն եւ ծանր հետեւանքներ կ՝ունենան իւրաքանչիւր ազգերու վրայ, վնասելով անոնց միջեւ յարաբերութիւնը:

Ան ապա յորդորեց որ իւրաքանչիւր ազգ վճռակամութեամբ եւ քաջութեամբ իր նպաստը բերէ իւրաքանչիւր անձի հիմնական իրաւունքներու յարգանքի գործընթացին յատուկէն անտեսանելիներուն, որոնք անօթի , ծարաի եւ մերկ են ինչպէս նաեւ ընկերութեան եզրին ապրող օտարականներուն ու բանտարկեալներուն ընդգծելով որ սոյն աջակցութեան եւ արդարութեան պահանջքը յատուկ իմաստ կը ստանայ մեզի քրիստոնեաներուս համար որովհետեւ նոյնինքն Աւեատարանը մեզ կը հրաւիրէ սեւեռումի տակ առնել մեր փոքրիկ եղբայրներն ու քոյրերը եւ կարեկցութեան հոգիով շարժելու անոնց ցաւերը ամոքելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը աւարտեց կոչ ուղղելով պետական պատասխանատուութիւն ունեցող մարդոց, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը զետեղելու իրենց քաղաքականութեան կեդրոն, մաղթելով որ այս խորհդադծութեան օրերը վերազարթնէ խիղճերը ներշնչում աղբիւր ըլլայ մարդկային արժանապատուութեան խթանման եւ պաշտպանման համար հուսկ բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2018, 12:00