Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Յիսուս Մանուկը եւս գաղթական եղաւ:»

«Սուրբ Ծնունդը միշտ նոր է, որովհետեւ ան հրաւէր մըն է՝ հաւատքի մէջ վերածնելու, յոյսին բացուելու եւ եղբայրսիրութիւնը խթանելու»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 14 դեկտեմբերին՝ կէսօրին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ ընդունեց Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ, Վատիկանի մէջ կայանալիք համերգի նուագախումբի անդամներն ու արուեստագէտները:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը ըսաւ

«Երկու հազար տարի առաջ պատահած Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի դէպքը տեղի ունեցաւ ճշգրիտ մշակութային մթնոլորտի մէջ: Այսօր Սուրբ Ծնունդի տօնը կը նշուի աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր աւանդութիւններուն համաձայն, որոնց դուք նաեւ ձեր ձիրքերով ձեր նպաստը կը բերէք:

«Սուրբ Ծնունդը միշտ նոր է, որովհետեւ ան հրաւէր մըն է՝ հաւատքի մէջ վերածնելու, յոյսին բացուելու եւ եղբայրսիրութիւնը խթանելու» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ժամանակից աշխարհի մէջ ցաւ պատճառող գաղթականներու հարցերուն։

«Այս տարի Սուրբ Ծնունդի տօնը յատուկէն մեզ կը հրաւիրէ մտածելու ժամանակակից այրերու, կիներու եւ մանուկներու կացութեան մասին՝ այն գաղթականներուն եւ փախստականներուն մասին, որոնք գաղթին ճամբան բռնեցին՝ հեռանալու համար ընկերային անարդարութեան արաքներէն՝ պատճառուած հակամարտութիւններէն ինչպէս նաեւ կլիմային փոփոխութիւններէն:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով գաղթականներուն տառապանքին ՝ ու այս ծիրէն ներս ակնարկելով Յիսուսին որ կ՝ապրէր Հօր Աստուծոյ մէջ ՝ Սուրբ Հոգիին հետ իմաստութեան լոյսի եւ սիրոյ հաղորդութեան մէջ եւ որ աշխարհ եկաւ ապրելու համար մեր սահմաններուն եւ մեղքերուն մէջ ՝ մեզի պարգեւելու համար Սուրբ Երրորդութեան Սէրը: :

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Հերովթես թաւագորին բարկութեան, յարելով որ Սուրբ Նազարէթի ընտանիքը անձկութեան եւ հալածանքի մէջ ապրեցաւ՝ ան ապա առաջնորդուած Աստուծմէ, ապաստան գտաւ Եգիպտոսի մէջ:

«Մանուկ Յիսուսը մեզի կը յիշեցնէ, որ այսօրուան գաղթականներուն կէսը մանուկներ են՝ զոհ մարդկային անարդարութիւններու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց թէ «Եկեղեցին սոյն ողբերգութիւններուն կը պատասխանէ զօրակցութեան եւ խնամակալութեան բազմաթիւ ձեռնակներով»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց, որ կարիքը կայ յաւելեալ համակարգուած եւ կազմակերպուած գործարարքներուն՝ կարող ամէն մարդ, հասարակութիւններ ողջագուրելու՝ մեզ բոլորս միացնող եղբայրութեան հոգիով, ապա կարեւոր համարեց մանուկներու դաստիարակութեան ցանցը՝ դիտել տալով, որ մանուկները կարիքը ունին կազմաւորումի, ապագային աշխատիլ կարենալու համար եւ իրենց մասնակցութիւնը բերելու՝ որպէս գիտակից քաղաքացիներ սատարելով հասարակաց բարիքի կառուցումին։

Ան յարեց թէ դաստիարակութեան ցանցի միջոցաւ թոյլ կու տանք անհատներուն՝ վերականգնելու եւ լի արժանապատուութեամբ ուղեւորութեան մէջ մտնելու ՝ քաջութեամբ եւ զօրութեամբ դիմագրաւելու համար կեանքը, արժեւորուած սեփական տաղանդներու միջոցաւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ շնորհակալութիւն յայտնելով Ուկանտայի մէջ Տոն Պոսքոյի առաքելութեան եւ Իրաքի մէջ «Սքոլաս Օքուրենթեսին» դաստիարակչական ցանցին մշակած ծրագիրներուն համար զանոնք նկատելով Ծննդեան յոյսի պատգամ ապա աւելցուց «Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը միշտ յայտնաբերուած է նաեւ արուեստագէտներուն ստեղծագործութիւններով, որովհետեւ արուեստագէտները իրենց գործերով կարող են դպչիլ ամէն ժամանակներու այրերու եւ կիներուն խիղճերուն խորքը: Ասոր համար շնորհակալ եմ ձեզի եւ կը քաջալերեմ շարունակելու ձեր գործը ամէն մէկ սրտի մէջ արթնցնելու համար Սուրբ Ծնունդին ջերմութիւնն ու քնքշութիւնը» յարեց Նորին Սրբութիւնը աւարտելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2018, 12:26