Թող այս յոյսի բոցերը փառատեն պատերազմին խաւարը։ Աղօթենք եւ օգնենք քրիստոնեաներուն՝ որպէսզի մնան Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքին մէջ որպէս ողորմութեան, ներումի եւ հաշտութեան վկաներ» Թող այս յոյսի բոցերը փառատեն պատերազմին խաւարը։ Աղօթենք եւ օգնենք քրիստոնեաներուն՝ որպէսզի մնան Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքին մէջ որպէս ողորմութեան, ներումի եւ հաշտութեան վկաներ» 

Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ «Սուրիոյ Խաղաղութեան համար մոմեր» քարոզարշաւին:

Թող այս յոյսի բոցերը փառատեն պատերազմին խաւարը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն իր ուղղած խօսքին մէջ յատուկ օրէն անդրադարձաւ  «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» Քահանայապետական իրաւասութեամբ բարեսիրական կազմակերպութեան՝  «Սուրիոյ Խաղաղութեան համար մոմեր» բնաբանով Սուրիոյ ի նպաստ ձեռնարկած աղօթքի եւ զօրակցութեան քարոզարշաւին։

«Յիսնականցը յոյսի ժամանակաշրջան է» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ասոր համար կ՛ուզեմ իմս ընել Սուրիոյ մանուկներու խաղաղութեան յոյսը։ Ասոր համար միանալով Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն ձեռնարկին, այժմ պիտի վարեմ մոմ մը, Սուրիացի մանուկներու եւ աշխարհի բազմաթիւ հաւատացնելներու հետ միասին, որոնք այսօր կը վարեն իրենց մոմերը։

Թող այս յոյսի բոցերը փառատեն պատերազմին խաւարը։ Աղօթենք եւ օգնենք քրիստոնեաներուն՝ որպէսզի մնան Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքին մէջ որպէս ողորմութեան, ներումի եւ հաշտութեան վկաներ» ըսաւ Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով «որ այդ յոյսի բոցը հասնի բոլոր անոնց որոնք այսօր կ՛ապրին հակամարտութեան ու լարուածութեան իրավիճակը աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ։ Թող որ Եկեղեցւոյ աղօթքը օգնէ անոնց զգալու համար հաւատարիմ Աստուծոյ մօտիկութիւնը եւ թող որ այդ աղօթքը դպչի բոլոր խիղճերուն՝ խաղաղութեան ի նպաստ անկեղծ յանձնառումի համար ու թող որ պատերազմ յարուցող ու զէնք արտադրողներուն սրտերը դարձի գան։ Աղօթենք Սուրիոյ խաղաղութեան համար» Ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով միասին աղօթել  «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2018, 12:15