Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի տօն. «Աղօթենք աշխարհի ընտանիքներուն համար» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Պէտք է անձկութեան մէջ ըլլանք երբ կը մոռնանք Յիսուսը, չենք աղօթեր, չենք կարդար Աւետարանը ու չենք զգար Յիսուսին մխիթարիչ ներկայութեան պակասը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր կը յիշատակենք Սուրբ Ընտանիքի տօնը եւ այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ խոկալու Մարիամի, Յովսէփի եւ Յիսուսի ապրած փորձառութեան մասին, որոնք միացած էին խոր սիրով ու ոգեւորուած Աստուծոյ վրայ մեծ վստահութեամբ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 2018-ի  վերջին կիրակնօրեայ  Մարեմեան Աղօթքին, որուն ընթացքին, աւանդութեան համաձայն ներկայացուց խորհրդածութիւն մը՝ կեդրոնացած Սուրբ Ընտանիքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Պատանի Յիսուսը տաճարին մէջ

Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց  Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանը (Ղուկաս 2, 41-52), ուր կը պատմուի Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ Սուրբ Ընտանիքի՝ Նազարէթէն Երուսաղէմ կատարած ճամփորդութենէն ետք վերադարձի ճանապարհորդութեան մասին, երբ  Մարիամ եւ Յովսէփ կ՛անդրադառնան թէ Յիսուսը՝ տասներկու տարեկան պատանին, ուղեկիցներուն հետ չէ։ Ուստի Երուսաղէմ կը վերադառնան  զայն փնտռելու համար ու երեք օրեր ետք  զինք կը գտնեն Տաճարին մէջ, նստած վարդապետներու հետ՝ մտիկ կ՛ընէր անոնց եւ հարցումներ կ՛ուղղէր»։ Ծնողքը երբ տեսան զինք զարմացան ու մայրը ըսաւ անոր «Որդեակ ի՞նչ ըրիր մեզի։ Հայրդ ու ես անձկութեամբ քեզ կը փնտռէինք»։

Զարմանք եւ անձկութիւն

«Զարմանք ու անձկութիւն, երկու տարրեր են որոնց մասին կ՛ուզեմ խորհրդածել այսօր» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ Սուրբ Ընտանիքին մէջ զարմանքը երբեք պակաս չեղաւ նոյնիսկ երբ անոնք Յիսուսը կորսնցուցին։ «Անոնք կարողութիւնն ունէին զարմանալու Աստուածորդոյն աստիճանաւոր յայտնութեան դիմաց» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ տաճարի վարդապետներու զարմանքին եւս որոնք «կը զարմանային Յիսուսի իմաստութեան եւ պատասխաններուն վրայ»։

«Զարմանալ կը նշանակէ բացուիլ ուրիշներուն, հասկնալ անոնց դրդապատճառները եւ այս վարուելակերպը կարեւոր է դարմանելու համար մարդոց միջեւ վտանգի մատնուած յարաբերութիւնները ու անհրաժեշտ է բուժելու համար ընտանիքի ներքոյ բացուած վէրքերը» յարեց նորին Սրբութիւնը ակնարկելով երկրորդ տարրին՝ «անձկութիւնը»։

«Մարիամի եւ Յովսէփի անձկութիւնը կը բացայայտէ Յիսուսին կեդրոնականութիւնը Սուրբ Ընտանիքէն ներս» ըսաւ Ֆրանչիկոս Պապ եւ ասոր համար է որ «Նազարէթի ընտանիքը սուրբ է, որովհետեւ կեդրոնացած ու հիմնուած է Յիսուսին վրայ, Անոր է արդարեւ որ մղուած էին բոլոր ուշադրութիւններն ու Մարիամի եւ Յովսէփի հոգատարութիւնը»։

 «Այդ իրենց երեք օր տեւողութեամբ ապրած անձկութիւնը պէտք է ըլլայ նաեւ մերը երբ հեռու կ՛ըլլանք Աստուծմէ» ընդգծեց  Սրբազան Պապը։ «Պէտք է անձկութեան մէջ ըլլանք երբ կը մոռնանք Յիսուսը, չենք աղօթեր, չենք կարդար Աւետարանը ու չենք զգար Յիսուսին մխիթարիչ ու բարեկամական ներկայութեան պակասը»։

Փնտռել Յիսուսը Աստուծոյ տան մէջ

«Մարիամն ու Յովսէփը զայն փնտռեցին ու գտան տաճարին մէջ մինչ կ՛ուսուցանէր։ Մենք եւս Աստուծոյ տան մէջ է որ կարող ենք հանդիպիլ աստուածային Վարդապետին ու ընկալել անոր փրկութեան պատգամը» նշեց Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց աղօթելու աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն համար, յատկապէս այն ընտանիքներուն ուր զանազան պատճառներու բերումով կը պակսի ներդաշնակութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Աղօթք աշխարհի ընտանիքներուն համար

«Աղօթենք ու Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի հովանիին յանձնենք զանոնք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը  որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց Մարեմեան Աղօթքի մասնակցող ուխտաւորներուն ու յատկապէս ընտանիքներուն հայցելով որ Սուրբ Ընտանիքը պաշտպան կանգնի անոնց ու մշտապէս լուսաւորէ անոնց ճանապարհորդութիւնը, ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ բարի տարեվերջ, դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ուղղուած մաղթանքներուն ու աղօթքներուն համար։

«Հաճեցէք շարունակել աղօթել ինծի համար, ցտեսութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով 2018 տարուայ վերջին Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2019, 12:16