Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքը Ս. Ստեփանոս նախավկային տօնին առթիւ։

«Սուրբ Ստեփանոս եղաւ առաջինը որ հետեւեցաւ աստուածային Վարդապետին հետքերուն, մեռաւ Յիսուսին նման իր կեանքը տալով Աստուծոյ ու ներելով զինք հալածողները»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 26 դեկտեմբեր 2018-ին կը յիշատակուի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ խորհրդածուին մը, անդրադառնալով  ծիսական տօնին ու դիտել տալով թէ տարօրինակ կը թուի Սուրբ Ստեփանոսի տօնը կատարել Սուրբ Ծննդեան տօնէն անմիջապէս ետք, կարծես թէ հակադրութիւն մը ըլլար ընդմէջ Բեթղեհէմի ուրախութեան եւ Ստեփանոսի՝ Երուսաղէմի մէջ ապրած ողբերգութեան։ Իրականութեան մէջ սակայն այդպէս չէ, որովհետեւ Մանուկ Յիսուսը Աստուծոյ Որդին է որ մարդեղացաւ եւ որ մարդկութիւնը պիտի փրկէ մեռնելով խաչին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Սուրբ Ստեփանոս եղաւ առաջինը որ հետեւեցաւ աստուածային Վարդապետին հետքերուն, մեռաւ Յիսուսին նման իր կեանքը տալով Աստուծոյ ու ներելով զինք հալածողները» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ Սուրբ Ստեփանոսի վարուելակերպը հրաւէր մըն է իւրաքանչիւրիս Տիրոջ ձեռքերէն հաւատքով ընկալելու այն ինչ որ կեանքը մեզի կը վերապահէ, ըլլայ դրական ըլլան ժխտական բաները։

«Աստուծոյ վրայ մեր վստահութիւնը մեզ կ՛օգնէ ընկալելու նոյնիսկ դժուար պահերը ու զանոնք ապրելու որպէս առիթ՝ աճելու հաւատքի մէջ ու եղբայրներու հետ կերտելու նոր յարաբերութիւններ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով մենք մեզ յանձնել Տիրոջ, «որ գիտենք թէ սիրով հարուստ Հայր մըն է» ըսաւ Ան  ապա ակնարկեց Սուրբ Ստեփանոսի երկրորդ մէկ վարուելակերպին՝ այն է ներումը։

«Մենք եւս կանչուած ենք ներերու, միշտ» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Ներումը սիրտը կը լայնցնէ, բաժնեկցութիւն կը յառաջացնէ, անդորրութիւն ու խաղաղութիւն կը պարգեւէ։ Սուրբ Ստեփանոս մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը։ Ներումի եւ ողորմութեան տրամաբանութիւնը միշտ ալ յաղթական են ու մեր առջեւ կը բանան յոյսի հորիզոններ» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ ներումը կը խթանուի աղօթքի միջոցաւ որ մեզի առիթ կու տայ մեր հայեացքը կեդրոնացնելու Յիսուսին վրայ։

Սուրբ Ստեփանոս կարող եղաւ ներելու թշնամիները որովհետեւ լի էր Սուրբ Հոգւով։ Ան իր հայեացքը կեդրոնացուցած էր երկնքի վրայ։ Աղօթքէն է արդարեւ որ կը գաղենք մարտիրոսութեան  ուժը։ «Մենք ալ յարատեւ աղօթելու ենք որպէսզի Սուրբ Հոգին մեզի եւս պարգեւէ զօրութեան շնորհքը՝ որ կը դարմանէ մեր վախերը, մեր տկարութիւններն ու  մեր փոքրութիւնները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Սուրբ Ստեփանոսին  բարեխօսութիւնը որպէսզի անոնց աղօթքները մեզ օգնեն միշտ աւելիով վստահելու Աստուծոյ, յատկապէս դժուար պահերու ընթացքին ու այդ աղօթքը մեզ օգնէ դառնալու մարդիկ եւ կիներ որոնք կարողութիւնը ունին ներումի։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները   մատնանշելով այս օրերուն ընդունած բաեմաղթական պատգամներուն ըսաւ. «Կարելի չէ իւրաքանչիւրիդ պատասխանել, առ այդ այսօր բոլորին կը բացայայտեմ իմ անկեղծ շնորհակալութիւնս, յատկապէս աղօթքի պարգեւին համար. Սրտաբուխ շնորհակալութիւն։ Բարի Տօն։ Բարեհաճեցէք չմոռնալ ինծի համար աղօթելու» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2018, 12:24