Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 23 դեկտեմբերի Մարեմեան աղօթքը։

«Առանց հաւատքի անկասկած խուլ կը դառնանք Աստուծոյ ձայնին եւ անկարող կ՛ըլլանք արտասանելու մխիթարութեան եւ յոյսի խօսքեր»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 23 դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրին քահանայապետական  գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Կոյս Մարիամի դիմագիծին վրայ, որ սպասումի մէջ էր ի լոյս ընծայելու Յիսուսը՝ Աշխարհին Փրկիչը։

Ունկնդրէ լուրը

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները հրաւիրեց իրենց հայեացքը կեդրոնացնելու Աստուածամօր վրայ՝ «որ է հաւատքի եւ սիրոյ տիպար» ըսաւ Ան եւ մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը, որ քաղուած էր Ղուկաս աւետարանիչէն ուր կը պատմուի Մարիամին՝ իր ազգականին Եղիսաբեթին տուած այցելութեան մասին։  Սրբազան Հայրը մատնանշեց Եղիսաբեթի խօսքերուն «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու արգանդիդ պտուղը…Երանի անոր որ հաւատաց թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուած խօսքերը» (Ղուկաս 1, 39 -45)։

«Մարիամ օրհնեալ է որովհետեւ հաւատաց, Աստուծոյ հետ հանդիպումը պտուղն է հաւատքի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Զաքարիային որ տատամսեցաւ ու ասոր համար համր եւ խուլ դարձաւ։ «Առանց հաւատքի անկասկած խուլ կը դառնանք Աստուծոյ ձայնին եւ անկարող կ՛ըլլանք արտասանելու մխիթարութեան եւ յոյսի խօսքեր» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ հաւատքն է որ սէր կը յառաջացնէ։ Սէրը՝ որ Մարիամը մղեց Եղիսաբեթին մօտ, անոր հոգ տանելու ծննդաբերութենէն առաջ։

«Այսօրուան աւետարանը արդարեւ մեզ կը պատրաստէ լաւապէս ապրելու Ծննդեան տօնը» ապա ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ հաւատքի եւ սիրոյ ուժականութիւնը յառաջ կու գայ Սուրբ Հոգիէն ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի համար ընդունի շնորհքը՝ ապրելու Սուրբ Ծնունդ մը որուն կեդրոնը չի դրուի «Ես» ը, այլ Յիսուսին «Դուն»ը, եղբայրներուն «Դուն»ը, յատկապէս անոնց «դուն» որոնք պէտք ունին մեր օգնութեան։ «Այդ ժամանակ է որ տեղ պիտի բանանք Սիրոյ, որ այսօր եւս կ՛ուզէ մարդեղանալ ու բնակիլ մեր մէջ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմահազար ուխտաւորներու մասնակցութեամբ արտասանեց Կիրակնօրեայ  Մարեմեան Աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2018, 12:14