Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Իսկական Ծնունդը կը կայանայ Յիսուսի հեզութիւնը, բարութիւնն ու քնքշութիւնը ապրելու մէջ»

Սուրբ Ծնունդը ապրիլ իրենց հայեացքը ուղղելով Մանուկ Յիսուսին, զգալու համար մարդեղացած Աստուծոյ խորհուրդին զարմանքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 դեկտեմբեր 2018-ին կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ծնունդը կանխող յիսնակաց շրջանի ընթացքին ապրուած  ուրախութեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Ակնարկելով Գաբրիէլ Հրեշտակապետին Տիրամօր փոխանցած աւետիսին. «Ուրախացիր Մարիամ, Լի շնորհքով, Տէրը քեզի հետ է», Սրբազան Պապը հաստատեց թէ Յիսուսին ներկայութիւնը մեր մէջ աղբիւր է երջանկութեան եւ ուրախութեան։  Յիսուս կը վառէ երջանկութեան բոցը Գալիլիայի կորսուած մէկ քաղաքի մը երիտասարդ կնոջ մը սրտին մէջ որ ապա կը դառնայ համայն աշխարհի ուրախութեան բոց» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «Այսօր եւս հրեշտակին այդ Աւետիսը ուղղուած է համայն եկեղեցւոյ «Ուրախացիր, փոքրիկ քրիստոնեայ հասարակութիւն, դուն որ աղքատ, խոնարհ բայց գեղեցիկ ես իմ աչքերուս, որովհետեւ կը փափաքիս իմ Արքայութիւնս, ունիս արդարութեան ծարաւը, համբերութեամբ կը հիւսէս  խաղաղութեան ոստայնը, չես հետապնդեր ժամանակաւոր իշխանութիւններ ու հաւատարմութեամբ կը մնաս աղքատներուն մօտ։ Ասոր համար վախ չունիս ոչ մէկ բանէ եւ քու սիրտդ ուրախութեան մէջ է»։

«Սուրբ Պօղոսը եւս կը յորդորէ մեզ միշտ վստահիլ Աստուծոյ, աղօթքի եւ աղերսանքի միջոցաւ» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ  այդ պարագային ոչ մէկ մտահոգութիւն, ոչ  մէկ վախ, կարող է մեզմէ խլել անդորրութիւնը որ կու գայ այդ գիտակցութենէն»։ Ան ապա աւելցուց «Ընկալելու համար Տիրոջ ուրախութեան հրաւէրը, հարկաւոր է որ մենք եւս Յովհաննէս Մկրտիչին քարոզութիւնը լսողներու նման հարց տանք «Ի՞նչ պէտք է ընենք»։ «Այս հարցումը առաջին քայլն է ապաշխարութեան, ճանչնալ մեր տկարութիւնը ու յիսնակաց շրջանը ապրիլ այդ գիտակցութեամբ» յարեց Սրբազան Պապը ու հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ բանալու համար մեր սիրտը Աստուծոյ որ մեր մէջ կու գայ, մեր համայն կեանքը լիացնելու ուրախութեամբ»։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Պապը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն մասնակցութեամբ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղելով ներկաներուն ակնարկեց անցեալ օրերուն Մարաքէշի մէջ՝ ապահով եւ կարգաւորուած գաղթականութեան վերաբերեալ միջազգային հաւաքին ու այդ առթիւ որդեգրուած համաձայնութեան, մաղթանք յայտնելով որ այս նոր «գործիքը» ծառայէ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ,   զօրակցութեամբ եւ կարեկցութեամբ գործելու՝ ի նպաստ անոնց որոնք զանազան պատճառներու համար կը լքեն իրենց երկիրը»։

«Այս դիտաւորութիւնը կը յանձնեմ ձեր բոլորի աղօթքներուն» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը  ապա խօսքը ուղղեց՝ Յիսուս Մանուկի արձաններու աւանդական օրհնութեան առթիւ հրապարակ ժամանած մանուկներուն խրախուսելով զանոնք Սուրբ Ծնունդը ապրիլ իրենց հայեացքը ուղղելով Մանուկ Յիսուսին, զգալու համար մարդեղացած Աստուծոյ խորհուրդին զարմանքը  եւ «Սուրբ Հոգին ձեր սրտին մէջ պիտի զետեղէ Յիսուսին բարութիւնը, քնքշութիւնն ու հեզութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «այս է իսկական Ծնունդը» այդպէս թող ըլլայ ձեր ո ձեր ընտանիքներուն համար։

Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան աւանդութիւնը

«Բարի Կիրակի բոլորիդ եւ բարի յիսնակացի երրորդ շաբաթ։ Բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաժեշտ առնելով բոլորն ներկաներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2018, 12:45