Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 9 դեկտեմբերի Մարեմեան աղօթքը։

«Մենք չենք կրնար անձնատուր ըլլալ ժխտական իրողութիւններու դիմաց, պէտք չէ հպատակինք աշխարհիկ մտայնութեան, որովհետեւ մեր կեանքի կեդրոնը կայ Յիսուսը»

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Կիրակի 9 դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրին, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յիսնակացի վրայ, այսինքն այդ ժամանակաշրջանը որով մենք կը պատրաստուինք  Յիսուսի սուրբ Ծննդեան Տօնին։ 

Ունկնդրէ լուրը

Մատնանշելով օրուան աւետարանական ընթերցումներուն Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց թէ անոնք մեզի ցոյց  կու տան թէ ինչպէս պէտք է ապրիլ այս սպասումի շրջանը՝ ապաշխարութեան ուղեւորութեամբ, որպէս տիպար ունենալով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը որ կը քարոզէր ապաշխարութեան մկրտութիւնը, մեղքերու թողութեան համար. «Ձայն որ կ՛աղաղակէ անապատին մէջ. Պատրաստեցէք Տիրոջ ճանապարհը, հարթեցէք անոր ճամբաները։ Ամէն ձոր պիտի լեցուի. Ամէն լեռ կամ բլուր պիտի խոնարհի»։

«Պատրաստուելու համար Տիրոջ գալստեան, հարկ է ի միտ ունենալ Մկրտիչին ապաշխարութեան թելադրանքները» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով այս ծիրէն ներս բացուիլ ուրիշներուն, Յիսուսի զգացումներու համաձայն, վերականգնելով անտարբերութեան հովիտները…«Ապաշխարութիւնը լիակատար է այն ժամանակ երբ կ՛ընդունինք մեր սխալները ու մեր անհաւատարմութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «հաւատացեալը այն անձն է որ մերձաւորին մօտիկութիւն ցուցաբերելով, Յովհաննէս Մկրտիչի նման կը հարթէ ճանապարհը՝ յոյսի հեռանկարներով։

«Մենք չենք կրնար անձնատուր ըլլալ ժխտական իրողութիւններու դիմաց, պէտք չէ հպատակինք աշխարհիկ մտայնութեան, որովհետեւ մեր կեանքի կեդրոնը կայ Յիսուսը, ու անոր լոյսի, սիրոյ եւ մխիթարութեան խօսքերը», յարեց Սրբազան Քահանայապետը, այս ուղղութեամբ շեշտելով վկայութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս ըրած էր Յովհաննէս Մկրտիչ, որ իր ապրելակերպով օրինակ դարձած էր շատերուն, հաւատալի դարձնելով իր արտասանած խօսքերը։

«Այսօր եւս Յիսուսին աշակերտները կանչուած են ըլլալու Անոր հեզ եւ քաջ վկաները որպէսզի դարձեալ հրահրեն յոյսը ու հասկցնել տան թէ հակառակ ամէն բանի Աստուծոյ Արքայութիւնը ամէն օր կը կառուցուի Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ  ու խորհրդածութինը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի օր ըստ օրին պատրաստենք Տիրոջ ճանապարհը, սկսեալ մենք մեզմէ, մեր շուրջ սփռելով խաղաղութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան սերմեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2018, 12:07