Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին Անարատ Յղութեան տօնին Մարեմեան Աղօթքը։

«Ահաւասիկը մեզ կը բանայ Աստուծոյ իսկ մեղքը մեզ կը կղզիացնէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 8 հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումները ուր կը խօսուէր՝ Մարիամի Աստուծոյ արտասանած  «Եղիցի»ի մասին,  «Ահաւասիկ Տիրոջ Աղախինն եմ ես»։ Մինչ առաջին ընթերցումը կը հայի Ադամին որ մեղանչելէ ետք ամօթէն կը պահուըտի։  «Ահաւասիկը մեզ կը բանայ Աստուծոյ, իսկ մեղքը մեզ կը կղզիացնէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով Ահաւասիկ բառին վրայ, զայն որակելով կեանքի բանալի։ «Ահաւասիկ կը նշանականէ հաւատալ թէ Աստուած իմ վրաս կը վստահի ու Անոր «Ահաւասիկ եմ» ըսելը ամենագեղեցիկ փառաբանութիւնն է» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով օրը սկսիլ «Ահաւասիկ եմ Տէր, այսօր թող իմ մէջս իրականանայ քու կամքդ» խօսքերով։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց առ այդ Մարիամին ամբողջական նուիրումին ու Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան. «Թող կատարուի քու խօսքիդ համաձայն»։

«Մարիամ Տէրը չի սիրեր իր յարմարութիւններու  համաձայն այլ ամբողջ կեանքը կ՛ապրի  Անոր վստահելով։ Այս է  կեանքի գաղտնիքը» ըսաւ Սրբազան Պապը  նկատել տալով որ Տէրը կը տառապի երբ մեզմէ կը ստանայ Ադամին տուած պատասխանը. «վախցայ ու պահուըտեցայ»։

Աստուած Հայր է, ու ամենէ քնքուշ հայրերէն մին է, եւ իր զաւակներուն ամբողջական վստահութիւնը կը պահանջէ, մենք սակայն քանիցս կը տարակուսինք Անոր վրայ ու կ՛իյնանք սատանային լարած թակարդներուն մէջ որ մեզ կ՛ուզէ հեռացնել Անկէ։ Մարիամ յաղթական եղաւ այդ նախնական մեղքին վրայ՝ իր «Ահաւասիկ եմ խօսքով»։ Այսօր նայինք Տիրամօր գեղեցկութեան, որ ծնաւ առանց մեղքի, հլու  հնազանդ ու թափանցիկ Աստուծոյ առջեւ», հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշելով Մարիամին Հրեշտակին հետ ունեցած հանդիպումին ու հանդիպումէն ետք Տիրամօր առանձնութեան, նշեց թէ «Աստուծոյ վստահիլ չի նշանակէր կախարդական ձեւով լուծել հարցերը»։

Արդարեւ Մարիամ Հրեշտակէն իմացաւ իր ծննդաբերութեան լուրը, սակայն հրեշտակը այս մէկը չի պատմեց բոլորին այլ միայն իրեն։ Կրնա՞ք երեւակայել Մարիամին տատամսումը։ Ի՞նչ պիտի ըսէին մարդիկ իրեն մասին որ օրէնքի հակառակ յղի մնացած էր - հարց տուաւ Քահանայապետը ու պատասխանեց. «Մարիամ  այս հարցերուն դիմաց եւս վստահեցաւ Աստուծոյ. ան  վստահ էր  որ Տիրոջ ապաւինելով ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ։ Ահա այս է իմաստուն կեցուածքը. կեանքը չապրիլ հարցերուն կապուելով ու անոնցմէ կախուելով  այլ ապաւինելով Աստուծոյ ու ամէն օր Անոր յանձնուելով «Ահաւասիկ եմ» խօսքով։

«Հայցենք Անարատ Յղացեալէն որ մեզի համար ընդունի այսպէս ապրելու շնորհքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութինը ապա Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ արտասանեց «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը, հուսկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով անոնց նշեց թէ «այսօր Ալճերիոյ մէջ Երանելի կը հռչակուին Փիեթրօ Քլավէրի եպիսկոպոսն ու այլ 18 կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ՝ որոնք սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար։

«Այս մեր ժամանակակից մարտիրոսները եղան Աւետարանի հաւատարիմ հռչակողները, խաղաղութեան խոնարհ կառուցողներն ու քրիստոնէական սիրոյն արի վկաները» ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ անոնց քաջ վկայութիւնը յոյսի աղբիւր է՝ Ալճերիայի Քրիստոնեայ հասարակութեան համար ու երկխօսութեան սերմ է համայն ընկերութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամին տօնին առթիւ Փիացցա Տի Սպնաիա կատարելիք աւանդական այցին, հաւատացեալներէն խնդրելով որ հոգեպէս միանան իր այդ Երկնային Մօր նուիրած որդիական պաշտամունքին։

Սրբազան Հայրը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի յիսնակացի շրջան ապա հրաժեշտ առնելով անոնցմէ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2018, 12:30