Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւն. «Յիսնակացը»՝ այն ծիսական ժամանակն է որ մեզ կը պատրաստէ Ծննդեան տօնին։

Ֆրանչիսկոս Պապ «Սուրիոյ Խաղաղութեան համար մոմեր» բնաբանով Սուրիոյ ի նպաստ աղօթքի եւ զօրակցութեան քարոզարշաւին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր սկիզբ կ՛առնէ «Յիսնակացը»՝ այն ծիսական ժամանակը որ մեզ կը պատրաստէ Ծննդեան տօնին, մեզ հրաւիրելով վեր բարձրացնել մեր հայեացքը ու մեր սրտերը բանալ ընկալելու համար մարդոցմէ սպասուած Յիսուսը։ Յիսնակացի ընթացքին չենք ապրիր միայն Սուրբ Ծննդեան տօնի սպասումը, այլ հրաւիրուած ենք նաեւ վերակենդանացնելու Քրիստոսի փառաւոր գալստեան սպասումը, պատրաստուելով Անոր հետ վերջնական հանդիպումին, հետեւողական եւ քաջարի ընտրանքներ կատարելով»։  Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ,  կիրակի 2 դեկտեմբեր 2018-ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, շեշտը դնելով Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական ժամանակացոյցի համաձայն այսօր սկիզբ  առնող «յիսնակացի» շրջանին վրայ, որ կը տեւէ չորս շաբաթ եւ ոչ թէ ինչպէս հայերու մօտ յիսուն օր։

Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն ուր կը խօսուի Յիսուսի երկրորդ գալստեան նշաններու մասին եւ ուր Տէրը կը հրաւիրէ, ի պատրաստութիւն այդ օրուան,  հսկում եւ աղօթք կատարելու. «Զգոյշ եղէք որ ձեր սրտերը չի թմրին արբեցութեամբ, շուայտութեամբ, կեանքի մտահոգութիւններով եւ այն օրը յանկարծակի չհասնի ձեր վրայ…արթուն եղէք եւ միշտ աղօթեցէք (Ղուկաս 21, 34 – 36)

«Արթուն կենալ եւ հսկել, ահա թէ ինչպէս ապրիլ մինչեւ Սուրբ Ծնունդ տանող այս ժամանակաշրջանը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսնակացը մեզ կը հրաւիրէ հսկումի յանձնառումի մը, որ մեզ կը մղէ նայելու մենք մեզմէ դուրս, բանալով մեր մտքերն ու սրտերը մեր եղբայրներու կարիքներուն ու նոր աշխարհի մը ձգտումին։ Այդ նոր աշխարհը որ իղձն է՝ անօթութենէն, անարդարութենէն ու պատերազմներէ ընկճուած ու հարստահարուած բազմաթիւ ժողովուրդներու։

«Այս ժամանակը առիթ է բանալու մեր սրտերը ու մենք մեզ հարցադրելու թէ ի՞նչպէս կ՛ապրինք մեր կեանքը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու մատնանշեց հարկաւոր երկրորդ վարուելակերպի մը՝ Աղօթքին։ Մենք կը սպանենք Յիսուսը ու հարկաւոր զայն սպասել աղօթքի մէջ, որ սերտօրէն կապուած է հսկումին- յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Այս ընելու համար մենք կարիքն ունինք Աստուծոյ Խօսքին ու անոր  ունկնդրութեան» ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ զօրացնելու մեր յոյսերը՝ Յիսուսի խոստումներուն վրայ, որպէսզի պատմութեան դժուարին եղելութիւններուն ընդմէջէն, փորձարկենք Աստուծոյ հաւատարմութիւնը, որ մարդկային սխալները կ՛օգտագործէ յայտնելու համար իր անհուն ողորմածութիւնը։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մասնակցութեամբ հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն, արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը ու աղօթքի աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յատկապէս ակնարկելով «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» Քահանայապետական իրաւասութեամբ բարեսիրական կազմակերպութեան՝  «Սուրիոյ Խաղաղութեան համար մոմեր» բնաբանով Սուրիոյ ի նպաստ ձեռնարկած աղօթքի եւ զօրակցութեան քարոզարշաւին որուն սկիզբ տուաւ նոյնինքն   Ֆրանչիսկոս Պապ մոմ մը վարելով ի դիտաւորութիւն Սուրիոյ խաղաղութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2018, 12:09