Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Ացիոնէ Քաթթոլիքա»ի բանուորական շարժումի պատանիներուն հետ։

Քահանայապետը պատանիներուն յանձնարարեց ընկալել Յիսուսին իսկական ուրախութիւնը, ապա զայն փոխանցել տառապանքի մէջ ապրող այլ պատանիներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 20 դեկտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց իտալական բանաւորական շարժումի «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» ընկերակցութեան պատանիներուն եւ այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ ուրախութիւնը արտայայտեց այդ հանդիպումին համար, գնահատաելով Ացիոնէ Քաթթոլիքային քրիստոնէական եւ մարդկային կազմաւորման ծիրէն ներս տարած աշխատանքը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա Ացիոնէ Քաթթոլիքայի այս տարուայ կազմաւորման ընթացքի նիւթին որ հիմնուած է Յիսուսի՝  Մարիամ եւ Մարթա քոյրերու հետ ունեցած հանդիպումի դէպքին վրայ, «որմէ մեկնելով է որ երիտասարդները կը բացայայտեն Յիսուսին բարեկամ դառնալու կոչումը, զայն միշտ աւելի լաւ ճանչնալով ու Անոր հանդիպելով ամէն օր, աղօթքի միջոցաւ, որպէսզի դառնան անոր առաքեալները», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ այդ առաքելութիւնը կը կայանայ բարի լուր մը՝ փրկութեան պատգամը փոխանցելու մէջ, ու հաստատելով թէ այդ պատգամը այն է թէ բոլորս սիրուած ենք Տիրոջմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ պատանիներուն բարեգործական ձեռնարկին  որ այս տարի նուիրուած «սնունդի իրաւունքին ու հողամշակներու արժանապատուութեան», գնահատելով ու քաջալերելով ձեռնարկը, հուսկ ճառին աւարտին պատանիներուն յանձնարարեց ընկալել Յիսուսին իսկական ուրախութիւնը, ապա զայն փոխանցել տառապանքի մէջ ապրող այլ պատանիներուն, դառնալով բարութեան եւ հիւրընկալութեան վեհանձն խողովակներ՝ կառուցելու համար աւելի եղբայրական, զօրակից ու քրիստոնեայ աշխարհ մը։

«Ուրախ եւ Սուրբ Ծնունդ ձեզի, ձեր ընտանիքներուն ու Ացիոնէ Քաթթոլիքայի համայն ընտանիքին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու ճառը եզրափակեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2018, 13:00