Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը. «Խաղաղութեան գործընթացին շահաւէտ ներդրում կատարենք եւ ոչ թէ պատերազմին:»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ, համաշխարհային պատերազմի աւարտին հարիւր ամեակի առթիւ կոչ ուղղեց խաղաղութեան յանձնառութեան ի սպաս:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 11 նոյեմբերին, Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ, համաշխարհային պատերազմի աւարտին հարիւր ամեակի առթիւ կոչ ուղղեց խաղաղութեան յանձնառութեան ի սպաս:

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ « այսօր կը նշուի համաշխարհային Ա պատերազմի աւարտի հարիւր ամեակը, պատերազմ մը, զոր իմ նախորդս Պենետիկտոս ԺԵ սահմանած է որպէս «անօգուտ աղէտ»: Այսօր ժամը 13,30ին, համայն աշխարհին մէջ պիտի հնչեն զանգակները նաեւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին զանգակները:

Առաջին աշխարհամարտի պատմութեան էջը բոլորիս համար խիստ պատուէր մը եղաւ հրաժարելու պատերազմի մշակոյթէն եւ ամէն միջոցներով որոնելու՝ վերջ դնելու հակամարտութիւններուն, որոնք տակաւին արիւն կը հոսեցնեն աշխարհի բազմաթիւ տարածաշրջաններուն մէջ» յարեց Սրբազան Հայրը Հայրը ապա հրաւիրեց աղօթել, համաշխարհային պատերազմի զոհերուն համար, բացականչելով խաղաղութեան գործընթացին շահաւէտ ներդրում կատարենք եւ ոչ թէ պատերազմին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2018, 09:19