Հրապարակային ունկնդրութիւն Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Հրապարակային ունկնդրութիւն Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ 

Ընդհանուր ունկնդրութիւն. Քրիստոսի նոր օրէնքը եւ Սուրբ Հոգիին համաձայն ցանկութիւնները։

Քրիստոսի մէջ ու միայն Անոր մէջ պատուիրանները կը դարին դատապարտում ըլլալէ եւ կը դառնան իսկական ճշմարտութիւն մը մարդկային կեանքին համար

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Միայն թէ այս կ՚ըսեմ. «Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։ Վասն զի մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ ու հոգին՝ մարմնին հակառակ եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որ չըլլայ թէ ինչ որ ուզէք՝ այն ընէք։ Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ օրէնքին տակ չէք ըլլար... Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, Քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։ 

Պօղոս Առաքեալին Գաղատացիներուն ուղղուած նամակէն քաղուած վերոնշեալ հատուածին վրայ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, չորեքշաբթի 28 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած ընդհանրական ունկնդրութեան առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց տասը պատուիրաններու վրայ հաստատելով թէ այսօրուայ խորհրդածութեամբ, որուն բանալի բառը «ցանկութիւններն» են, կ՛աւարտէ տասը պատուիրաններու մասին մտածականները։

«Խորհրդածութիւնները սկսանք «երախտագիտութիւնէն» զայն նկատելով հիմք վստահութեան ու հնազանդութեան յարաբերութեան։ Աստուած ոչ մի բան կը պահանջէ ու ամէն ինչ կը պարգեւէ։ Ան մեզ կը հրաւիրէ հնազանդութեան, որպէսզի ձերբազատուինք կուռքերու խաբէութիւններէն, որոնք մեզ կը ստրկացնեն։ Աստուծոյ կոչը՝ կոչ է գեղեցիկին ու հաւատարմութեան վեհանձնութեան եւ իսկութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով ՝ թէ այս մէկը կը պահանջէ ունենալ նոր սիրտ մը, ուր բնակութիւն հաստատած ըլլայ Սուրբ Հոգին եւ ուր տեղ տրուած է նոր ցանկութիւններու՝ որոնք այնտեղ կը սերմանուին Աստուծոյ շնորհքին շնորհիւ։

«Սէրը, խնդութիւնը, խաղաղութիւնը, երկայնմտութիւնը, քաղցրութիւնը, բարութիւնը, հաւատարմութիւնը, հեզութիւնը, ժուժկալութիւնը ապրելով, մենք կը գտնուինք Քրիստոսի դիմաց  ու Անոր նայելով կը գտնենք գեղեցկութիւն բարին ճշմարտութիւնը։

Մինչ՝ Անոր Հոգին կը ծնի նոր կեանք մը ու մեր մէջ կը դրոշմէ յոյս հաւատք եւ սէր» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Այսպէսով է որ կը յայտնաբերենք ի՞նչ ըսել է՝ Տէրը չէ եկած օրէնքը ջնջելու, այլ զայն կատարելագործելու, եւ մինչ մարմնի օրէնքը արգելքներու ու ժխտումներու շարք մըն է, Սուրբ Հոգիին հիման վրայ այդ օրէնքները կը դառնան կեանք, որովհետեւ կը դադրին օրէնք ըլլալէ ու կը դառնան նոյնինքն Քրիստոսի մարմինը, որ մեզ կը սիրէ, մեզ կը փնտռէ, մեզ կը ներէ, կը մխիթարէ ու իր Մարմնին մէջ կը համախմբէ Հօր հետ հաղորդութիւնը , որ կորսուած էր մեղքի եւ անհնազանդութեան պատճառաւ։

«Քրիստոսի մէջ ու միայն Անոր մէջ է որ պատուիրանները կը դարին դատապարտում ըլլալէ եւ կը դառնան իսկական ճշմարտութիւն մը մարդկային կեանքին համար, այսինքն ցանկութիւնը սիրոյ, ուրախութեան խաղաղութեան,  ողջմտութեան,  Քաղցրութեան, բարութեան, հաւատարմութեան, հեզութեան եւ  ժուժկալութեան» - ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով որ «Երբ մարդը ապրի Քրիստոսի համաձայն, այն ժամանակ անոր առջեւ կը բացուին փրկութեան դռները»  ապա հաստատեց թէ «Նոր կեանքը կը կայանայ Սուրբ Հոգիի ընկալումին մէջ։ Հոգին որ մեզ կ՛առաջնորդէ սիրոյ եւ  ուրախութեան ներդաշնակութեան մը։ Քրիստոնեաներուս համար պատուիրանները պահել կը նշանակէ խոկալ Քրիստոսի վրայ, բացուելու եւ անոր սիրտը, ցանկութիւններն ու Հոգին ընկալելու համար։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած ուխտաւորները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, յիշեցնելով որ յառաջիկայ Կիրակի պիտի սկսի լատինաց մօտ յիսնակացի ծիսական շրջանը։

«Պատրաստենք մեր սրտերը ընկալելու Յիսուս՝ Փրկիչը. Գիտակցինք թէ Սուրբ Ծննդեան տօնը՝  Քրիստոսի մարդկութեան հետ հանդիպումն է, յատկապէս այն մարդկութեան որ այսօր կը շարունակէ ապրիլ ընկերութեան ծայրամասերուն մէջ, կարեկցութեան եւ տառապանքի մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով ընդհանրական ունկնդրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2018, 10:09