Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւն. «Մի ցանկար մերձաւորիդ ոչ մէկ բանին»։

Օրինազանցութիւնները ծնունդ կ՛առնեն ներքին համընդհանուր արմատէ մը՝ չար ցանկութիւնները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մի ցանկար մերձաւորիդ տան: Մի ցանկար մերձաւորիդ կնոջը ոչ անոր ծառային, ոչ անոր աղախինին, ոչ անոր եզին, ոչ իշուն,  քու մերձաւորիդ ոչ մէկ բանին»։ Ելքի գիրքէն քաղուած սոյն հատուածին վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը չորեքշաբթի 21 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն ընթացքին շարունակելով խօսիլ տասը պատուիրաններու մասին, անդրադարձաւ վերջին պատուիրանին՝ որ «սրտին կը դպչի» ըսաւ Ան,  եւ «ամբողջացումն է միւս պատուիրաններուն եւ որ կը յատկանշէ ճանապարհորդութեան աւարտը» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ վերոնշեալ խօսքերէն  ի յայտ կու գայ թէ բոլոր օրինազանցութիւնները ծնունդ կ՛առնեն ներքին համընդհանուր արմատէ մը՝ չար ցանկութիւնները։

Ունկնդրէ լուրը

Աւետարանին մէջ Յիսուս Տէրը կ՛ըսէ «Վասն զի ներսէն, մարդոց սրտէն, կ՚ելլեն չար խորհուրդներ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, սպանութիւններ, Գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւն, գիջութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։  Այս բոլոր չար բաները ներսէն կ՚ելլեն ու կը  պղծեն մարդը» (Մարկոս 7, 21-23)։  Բացայայտ է առ այդ որ պատուիրաններու ուղեւորութիւնը ոչ մէկ օգտակարութիւն կ՛ունենայ եթէ չի հասնի դպչելու մարդուն սիրտին - ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ «Պատուիրաններու ճանապարհորդութեան նպատակակէտը սիրտն է ու եթէ այդ սիրտը մաքուր եւ ազատ չ՛ըլլայ մնացածը ապարդիւն է։

«Աստուծոյ հրահանգները կարող են այդպէսով դառնալ միայն կեանքի մը գեղեցիկ նկարը, սակայն այդ մէկը կը նմանի ստրկութեան եւ ոչ թէ հարազատ զաւակի կեանքին։ Հարկ է առ այդ թոյլ տալ որ պատուիրանները դիմազերծեն իրականութիւնը ու մեզի ցոյց տան մեր աղքատութիւնը, հասնելու համար սուրբ հեզութեան։ Մարդը կարիքը ունի հեզութեան որուն միջոցաւ կը հասկնայ թէ ինք մինակը կարող չէ ազատիլ ու կը դիմէ Աստուծոյ» յարեց ապա Սրբազան Պապը ու նշեց թէ «Աստուածաշունչին օրէնքի պարտականութիւնը՝ մարդը հասցնել է ճշմարտութեան, այսինքն աղքատութեան որ կը դառնայ իսկական ու անձնական բացուածք մը Աստուծոյ ողորմութեան, որ մեզ կը կերպարանափոխէ ու մեզ կը վերանորոգէ։

«Պատուիրաններու վերջին բառերը բոլորս կը դաստիարակեն մենք մեզ ճանչնալու որպէս մուրացկաններ. Մեզ կ՛օգնեն մեր սրտին անկարգութեան դիմաց կանգնելու ու դադրեցնելու եսասէր կեանքը, դառնալով հոգիով աղքատներ, Հօր սրտին մօտ, թոյլ տալով որ Որդին մեզ փրկէ ու Սուրբ Հոգին մեզ դաստիարակէ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու մէջբերեց Մատթէոս Աւետարանիչէն Յիսուսին հետեւեալ խօսքը »Երանի Հոգիով աղքատներուն որովհետեւ անոնցն է երկնքի արքայութիւնը» (Մատթ 5,3)։ Այո՛ Երանի անոնց որոնք կը դադրին հաւատալէ թէ իրենք կարող են իրենց տկարութիւնները յաղթահարել առանց Աստուծոյ ողորմածութեան, որ ի վերջոյ միակն է կարող դարմանելու մեր սիրտը։ Երանի անոնց որոնք կը ճանչնան իրենց չար ցանկութիւնները, ու զղջացած ու խոնարհած սրտով Աստուծոյ ու մարդոց դիմաց չեն կանգնիր որպէս արդարներ, այլ որպէս մեղաւորներ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով «Ասոնք այդ անձերն են որոնք գիտեն կարեկից ու ողորմած ըլլալ ուրիշներուն նկատմամբ որովհետեւ նախ իրենք փորձարկեցին այդ մէկը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2018, 09:51