Որոնել

«Խաղաղութեան ծառայութեան ի սպաս» Նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը:

Աղօթենք միասին՝ որպէսզի սրտի լեզուն ու երկխօսութիւնը գերակայեն միշտ զէնքերու լեզուին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 6 նոյեմբեր 2018-ին, Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային  ցանցը հրապարակեց՝ Նորին Սրբութեան նոյեմբեր ամսուայ  Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը, որուն մէջ Ան շեշտը կը դնէ խաղաղութեան հրամայականին վրայ հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու խաղաղութեան դիտաւորութեան։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ըսէ. «Ամէնքս խաղաղութիւնը կը փափաքինք։ Եւ որեւէ անձէ աւելի այդ խաղաղութիւնը կը փափաքի այն որ անոր պակասէն կը տառապի։

Կարող ենք սքանչելի բառեր արտայայտել, սակայն եթէ մեր սրտին մէջ խաղաղութիւն չի կայ, աշխարհի մէջ ալ խաղաղութիւն չ՛ըլլար։

Զեռօ բռնութեամբ ու հարիւր առ հարիւր քնքշութեամբ, կառուցենք աւետարանական խաղաղութիւնը՝ որ ոչ մէկը կը բացառէ։

Աղօթենք միասին՝ որպէսզի սրտի լեզուն ու երկխօսութիւնը գերակայեն  միշտ զէնքերու լեզուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2018, 16:00