«Ռազինկեր» մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը «Ռազինկեր» մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը 

«Ռացինկեր» մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը Վատիկանի մէջ:

Աստուածաբաններն ու ճարտարապետները մեզ կ՛օգնեն բարձր պահելու մեր գլուխը ու միտքերը դէպի Աստուած։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 17 նոյեմբեր 2018-ին ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան օրակարգը աւարտեց մասնակցելով Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ տեղի ունեցող  «Ռացինկեր» մրցանակի տուչութեան արարողութեան։

2018 տարուայ մրցանակակիրն են Տիկ Մարիանը Չոսլեր՝ գերմանացի կաթողիկէ աստուածաբան ու Վիեննայի կաթողիկէ հոգեւորականութեան աստուածաբանութեան ամպիոնի դասատու եւ միջազգային հեղինակութեամբ ճարտարապետ՝ Տիար Մարիօ Պոթթա։

Ունկնդրէ լուրը

Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկաները իր ուրախութիւնը յայտնեց այս տարի եւս իր մասնակցութիւնը բերելու սոյն արարողութեան, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Ռաիցնկեր հիմնարկի նախագահ՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի եւ Կարդինալ Անճելօ Ամաթոյին որոնք ներկայացուցին մրցանակակիրները ապա հրաւիրեց միասնաբար երախտագիտութեան արտայայտութիւն յղել վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պնետիկտոս ԺԶին որուն ձոնուած է մրցանակը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Ռացինկեր Քահանայապետի վաստակին ու աստուածաբանական թանկարժէք ուսուցումին ու գործունէութեան, հաստատելով թէ «Պնետիկտոս ԺԶի հոգին՝ գիտակցութեամբ եւ քաջութեամբ կը նայի ժամանակակից հարցերուն ու գիտէ Սուրբ Գիրքի ունկնդրութենէն քաղել հարկաւոր իմաստութիւնը՝ այսօրուայ մշակոյթի հետ կառուցողական երկխօսութեան մը համար»։

«Այս ուղղութեամբ ձեզ կը քաջալերեմ շարունակել ուսումնասիրել Անոր գրութիւնները ու դիմագրաւել նոր նիւթեր՝ ուր հաւատքը կոչուած է երկխօսութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու խօսքը ուղղեց երկու մրցանակակիրներուն գնահատելով այն իրականութիւնը թէ անոնցմէ մին կին մըն է ու արժեւորեց կիներու ներդրումը՝ ըլլայ գիտական աստուածաբանական հետազօտութեան ծիրէն ներս, ըլլայ աստուածաբանութեան դաստիարակութեան ասպարէզէն ներս, այս առընչութեամբ մաղթանք յայտնելով նաեւ որ եկեղեցւոյ մէջ աճի  իգական ներկայութիւնը ու անոնց յանձնուին կարեւոր պարտականութիւններ։

«Աստուածաբանութեան մարզէն անդին Ռացինկեր մրցանակը տրուեցաւ նաեւ արուեստական ասպարէզին մէջ գործող անձերու» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորելով երկրորդ մրցանակակիրը՝ Տիար Մարիօ Պոթթան ու անոր ճարտարապետի գործունէութիւնը քրիստոնէական ու հոգեւոր արուեստի ծիրէն ներս, որ՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, պէտք է մեծապէս գնահատուի եկեղեցւոյ կողմէ։

«Այսօրուայ աշխարհի մեծ հարցերու ծիրէն ներս աստուածաբանութիւնն ու արուեստը պէտք է շարունակեն ներշնչուիլ Սուրբ Հոգիի զօրութիւնէն, որ է ուժի, ուրախութեան եւ յոյսի աղբիւր» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը  ու ճառը աւարտեց մէջբերելով յոյսի մասին արտասանուած Պենետիկտոս ԺԶ խօսքերը, երբ Ան Սուրբ Պոնավենթուրայի ծննդավայրը այցելելով ըսած էր. «Յոյսի պատկեր մը կը գտնուի սուրբին հիսնակացի ընթացքին  արտասանած մէկ քարոզին մէջ, երբ ան յոյսի շարժումը նմանեցուց թռչունի թռիչքին որ թեւերը թօթուելով յառաջ կ՛ընթանայ ու այս ընելու համար  կ՛օգտագործէ իր բոլոր ուժերը։ Կարծես թէ ան իր ամբողջ էութիւնը կը դարձնէ շարժում՝ որպէսզի կարողանայ բարձրները թռչիլ։  Յուսալ կը նշանակէ թռչիլ կ՛ըսէ Սուրբ Պոնավենթուրան։ Յոյսը սակայն կը պահանջէ որ բոլոր անդամները շարժին ու ձգտին դէպի մեր էութեան իսկական բարձունքը՝ դէպի Աստուծոյ խոստումները։ Այն որ կը յուսայ պէտք է գլուխը վեր բարձրացնէ, վեր սեւեռելով նաեւ իր մտածումները՝ դէպի էութեան բարձունքը, այսինքն դէպի Աստուած»։

Սոյն մէջբերումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով աստուածաբաններուն ու ճարտարապետներուն, «որոնք մեզ կ՛օգնեն բարձր պահելու մեր գլուխը ու միտքերը դէպի Աստուած»  ըսաւ Ան ու բարի մաղթանքներ ուղղեց երկու մրցանակակիրներուն իրենց որակաւոր ու ազնուական աշխատանքին համար, յոյս յայտնելով որ անոնք միշտ ձգտին վերոնշեալ նպատակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2018, 12:42