Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը «Սքոլաս»ի երիտասարդներու

Չէ կարելի խօսիլ ինքնութեան մասին առանց խօսելու պատկանելիութեան մասին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Սքոլաս Օքուրենդէս» Քահանայապետական կառոյցի երիտասարդներուն հանդիպումին առիթով, 1 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց յիշեալ հանդիպումի իրենց մասնակցութիւնը բերող երիտասարդները, որոնց ուղղած ճառին մէջ շեշտը դրաւ «ինքնութիւն» բառին վրայ, զայն համարելով հանդիպում կատարելու կարեւոր բառ:

«Չես կրնար քու ինքնութիւնդ սակարկել՝ ուրիշին հետ հանդիպելու համար, չես կրնար քու ինքնութիւնը թաքցնել,որովհետեւ կեանքը «քարնեւալ» չէ , կեանքը աւելի լուրջ բան մըն է:»Ըսաւ Սրբազան Հայրը: 

«Խօսիլ ինքնութեան մասն դիւրին բան մը չէ: Ինքնութիւնը հաստատուած տուեալ մը չէ, գործարանի թիւ մը չէ, համացանցէն քաղուած տեղեկութիւն մը չէ» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց «մենք ամբողջութեամբ սահմանուած բան մը չենք, այլ  բան մըն ենք, որ ուղեւորութեան մէջ կը գտնուի, որ կը ծաւալի որով, այդ ինքնութեան կորիզը կ՝աճի»:

Մենք, մեր կեանքի վկաները ենք, մեր կեանքի հեղինակներն ու ընթերցողները։ Իւրաքանչիւր ինքնութիւն ունի իր պատմութիւնը եւ որովհետեւ ունի պատմութիւն մը, հետեւաբար ունի պատկանելիութիւն: Մեր ինքնութիւնը կը յառաջանայ ընտանիքէ մը, երկրէ մը ինչպէս նաեւ հասարակութենէ մը:

Չէ կարելի խօսիլ ինքնութեան մասին առանց խօսելու պատկանելիութեան մասին: Պատկանելիութիւն բանի մը, որ ինձմէ աւելի մեծ է, բանի մը որ զիս կը վերացնէ յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով ժամանակակից առկայ վտանգներուն, որոնց մաս կը կազմէ ինքնութեան մոռացումը, այսինքն մեր արմատներուն մոռացումը, այն ժամանակ երբ կը մոռնանք թէ ուրկէ եկած ենք, երբ կը մոռնանք մեր պատմութիւնը եւ չենք բացուիր ժամանակակից համակեցութեան, եւ ուրիշին կը նայինք վախով, զայն նկատելով թշնամի:

Սրբազան Հայրը քաջալերեց երիտասարդները խնամք տանելու մէկը միւսին, խնամել իրենց պատկանելիութիւնը եւ չի վաճառել այն ինչ որ իրենց խորքին մէջ կը կրեն, որ է ինքնութիւնը, պատկանելիութիւնը, դիտել տալով որ անոնք, իրենց ուղեւորութեան մէջ տարբեր ինքնութիւններուն հետ հանդիպումներով, փոխադարձաբար կը հարստանամ եւ եղբայրութիւնը կը կազմուի:

Սրբազան Հայրը պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով երիտասարդներուն, սոյն հանդիպումը կազմակերպիչներուն եւ Սքոլասի երիտասարդներուն, քաջալերելով անոնց որ իրենց ինքնութիւնը, իրենց ստացած պատկանելիութիւնը, արուեստական աշխատանքի գանձ դարձնեն ապա ինչպէս միշտ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2018, 16:00